«Երկիր».- ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան, որ այցելած էր ոստիկանութեան կեդրոնի բաժին, ուր «ես ծեծած եմ» ինքնաբուխ բողոքի արարքը տեղի կ’ունենար: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ անօրինականութիւնը եւ այլանդակութիւնը, որ ամիսներ շարունակ թէ’ եթերները, թէ’ ընկերային ցանցերը կլանած են, ատելութիւն կը սերմանեն:
Ան յայտնեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր Արցախեան ազատամարտի հերոսներու դէմ հրապարակային կոչեր կը հնչեն, նաեւ հրապարակային սպառնալիքներ Արցախեան ազատամարտի խորհրդանիշ Պարգեւ սրբազանին, Արցախի նախագահին եւ Արցախեան պատերազմին մարտնչած հայորդիներու հասցէին:
Արծուիկ Մինասեան ըսաւ.«Եւ աս բոլորէն ետք, իշխանութիւններէն ակնյայտօրէն կը լսենք անտարբեր, հրահրող կոչեր: Հետեւաբար բնական է, որ հասարակութեան մէջ պիտի ըլլան նաեւ ընդվզումներ: Մարդիկ, տեսնելով այս անգործութիւնը, իրաւունքի ինքնապաշտպանութեան ճամբաներ կ’որոնեն: Այս երեւոյթը կրնայ նաեւ շարունակական բնոյթ կրել: Պատահածներուն թիւ մէկ պատասխանատուն գործող իշխանութիւնն է: Պէտք է ժամանակին կանխուէր այն այլանդակութիւնը, որ հրապարակայնօրէն կը հնչէր: Մինչդեռ իշխանութիւնը կը ցուցաբերէր քար լռութիւն, նոյնիսկ արժանապատիւ քաղաքացի համարուող, բայց իրականութեան մէջ ոչ մէկ արժէքային համակարգ ունեցող անձանց դատապարտելու համար քաղաքական յայտարարութեամբ հանդէս չեկաւ: Ընդհակառակն. ան կը թոյլատրէ, կը հիմնաւորէ, թէ ժողովրդավարական ճանապարհով կը շարունակէ, եւ ամէն մէկը ինչ որ ուզէ, կրնայ ըսել, որուն արդիւնքով ալ հրապարակային վիրաւորանքն ու սպառնալիքը առօրեայ երեւոյթ կը դառնան: Իսկ պատասխանն ալ այսպէս պիտի ըլլայ: Կոչ կ’ուղղեմ իշխանութիւններուն, որ օր առաջ վերջ տրուի այս վիճակին:Անհրաժեղտ է դատապարտել եւ հետեւողական ըլլալ անհանդուրժողութիւն եւ թշնամութիւն սերմանող վարքագիծին նկատմամբ, որ այսօր կը տիրէ մեր երկրին մէջ »:
Անոր համաձայն, 130 տարեկան քաղաքական ուժը ինչ-որ տեղ նաեւ չի կրնար հանդուրժել որեւէ բռնութիւն` անկախ անկէ, թէ որուն նկատմամբ կը կիրարկուի, եթէ հրապարակային այլանդակութիւնները համարժէք արձագանք չեն ստանար: Երբ այսօր քաղաքացիները ոստիկանութեան բաժին ինքնաբուխ կը ներկայանան եւ միջադէպի պատասխանատուութիւնը իրենց վրայ կ’առնեն,կը նշանակէ, որ այս երեւոյթը կրնայ աւելի լայն տարածում ունենալ, հետեւաբար պէտք է բոլոր բացասական հետեւանքները կանխել:
Արծուիկ Մինասեան դիտել տուաւ.«Այսօր առաւօտեան մեր քաղաքացիները այսպիսի երեւոյթներու դէմ ինքնաբուխ ընդվզեցան: Ժամ առաջ գործող իշխանութիւնը պէտք է քայլեր իրականացնէ, որպէսզի բացասական դրսեւորումները չտարածուին: Մենք, այսօրուան ինքնաբուխ ընդվզումի տեղեկութիւնը ստանալով, կոչ կ’ուղղենք մեր քաղաքացիներուն` ոստիկանութեան յաւելեալ ցուցմունքներով չխանգարել, թոյլ տալ, որ ոստիկանութիւնը իր գործը ընէ: Կ’ակնկալենք, որ գործող իշխանութիւնը ժամ առաջ լարուածութիւնը լիցքաթափելու որոշակի քայլերով հանդէս կու գայ, իսկ հրապարակային սպառնալիքներ հնչեցնող, թշնամութիւն սերմանող մարդիկ իրաւական պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուին»: