Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Համբարձման աւանդական տօնակատարութիւնը, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, ներկայութեամբ ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Լուսին Յովհաննէսեանի։

Տօնակատարութեան ընթացքին ծառայութեան վկայագրի բաշխում ալ կատարուեցաւ։

Մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ.Անի Սարգիսեան բացման խօսքով նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադառձաւ Համբարձման տօնի հայկական աւանդութեան, ապա ծառայութեան վկայագրի արժանացող խաչուհիներուն անուանացանկը կարդալով դիտել տուաւ, որ ՍՕԽ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով Շրջանային Վարչութիւնը ծառայութեան վկայագրով կը պարգեւատրէ Գամիշլիէն 15 խաչուհիներ, որոնք իրենց երկարամեայ ծառայութեամբ սատարած են միութեան գործունէութեան։
Այնուհետեւ ան հրաւիրեց ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Ընկհ. Լուսին Յովհաննէսեանը՝ Շրջ. Վարչութեան խօսքը ուղղելու ներկաներուն։

Յովհաննէսեան ամփոփ ակնարկով ներկայացուց ՀՕՄ-ի վսեմ առաքելութիւնը, ՍՕԽ-ի ընդհանուր ծրագիրը, կառոյցն ու գործունէութիւնը, շեշտելով, որ «ՍՕ Խաչը ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցի միաւորներէն մէկը հանդիսանալով, իր բարեսիրական, առողջապահական, կրթական, մշակութային եւ ընկերային ծառայութեան գործունէութիւնը կը ծաւալէ իր անդամներուն, մասնաճիւղերուն, իւրաքանչիւր մարզի յատուկ յանձնախումբերուն բարոյական թէ նիւթական ներդրումով։ Խաչուհին պէտք է ըլլայ գործունեայ եւ տէր կանգնի հայ լեզուին, մշակոյթին, նոր սերունդը դաստիարակէ ազգային ոգիով, իր նմանին օգնելու ազնիւ գիտակցութեամբ։ Այսօր ՍՕԽ-ը կը գործէ համաստեղութեան մը նման, անընդհատ շարժելով, սակայն երբեք իր հունէն չելլելով։ Սուրիական պատերազմի տեւողութեան ՍՕ Խաչը իր վարչութիւններով, մասնաճիւղերով, յանձնախումբերով ու բոլոր անդամներով, համակիրներով, բարերար եւ օժանդակ բարեկամներով հսկայ աշխատանք տարաւ։ ՍՕԽ-ի գործունէութիւնը խարսխուած է մարդկային կեանքի ամէնէն ազնիւ սկզբունքներուն եւ ըմբռնումներուն վրայ»։

Ապա տեղի ունեցաւ ծառայութեան վկայագրերու բաշխում։ Հետեւեալ ընկերուհիները վկայագրեր ստացան.

1-Ընկհ.Արտեմիս Ասլանեան
2-Ընկհ. Զապէլ Մուրատեան Մելքոնեան
3-Ընկհ. Վէրժին Խաչատուրեան-Սիմոնեան
4-Ընկհ. Նազելի Խրոյեան- Շահինեան
5-Ընկհ. Էմմա Քիլէճեան- Խաչատուրեան
6-Ընկհ. Անժէլ Պետրոսեան- Յովհաննէսեան
7-Ընկհ. Ռիթա Բուշուճեան- Քիւշէրեան
8-Ընկհ. Լուսվարդ Ղազարեան-Սարգիսեան
9-Ընկհ. Ազատուհի Տէրտէրեան-Մանուկեան
10- Ընկհ. Սօսէ Խաչատուրեան-Մանուկեան
11-Ընկհ. Սիլվա Սէքլէմեան- Յովհաննէսեան
12-Ընկհ. Սոնա Զատիկեան Գասպարեան
13-Ընկհ.Անժէլ Գասպարեան
14-Ընկհ. Սոնա Խաչատուրեան Ղուկասեան
15-Ընկհ. Արսինէ Յովհաննէսեան- Սարգիսեան։
Երեկոյթը շարունակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Ապա տեղի ունեցաւ համբարձման տօնին առիթով պատրաստուած խաղեր եւ վիճակաձգութիւն։ Ապա օրուան բախտաւորները գեղեցիկ յուշանուէրներով գնահատուեցան։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն