Ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ին, Լաթաքիոյ «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութեանց զոյգ քայլերգներով:
Մանկապարտիզպանուհի Ցոլին Պալեան ողջունելով ներկաները ըսաւ. «Մեր փոքրիկները՝ սիրալիր թռչնիկները, պիտի ներկայացնեն շատ գեղեցիկ յայտագիր մը, ուր իրենց մանկական քաղցր հոգիներով իրազեկ պիտի դարձնեն ձեզ իրենց մանկական ներաշխարհին՝ արտասանուած խօսքերով, երգերով եւ պարերով»:
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Շաքէ Մանճեան: Ապա բեմահարթակ բարձրացան գունագեղ զգեստներ հագած, թիթեռնիկի նմանող փոքրիկները: Անոնց տեսքն ու եռանդը խանդավառեցին հանդիսականները:
Շրջանաւարտ փոքրիկները յայտագրին ընդմէջէն ներկայացուցին օրուան հիմնական նիւթը՝ «Տարուան Չորս Եղանակները եւ Հայրենիքը», յիշելով Կոմիտաս Վարդապետին եւ Յովհաննէս Թումանեանի կեանքէն կարեւոր դրուագներ, իրենց ծննդեան 150-ամեակին առիթով:
Հանդէսի ընթացքին փոքրիկները երգեցին երեք լեզուներով, պարեցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական պարեր: Համաչափ ու ճկուն շարժուձեւերով հմայեցին հանդիսականները, որոնք իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ծափողջոյններու տարափով:
Յայտագիրը վերջ գտաւ հայկական ընդհանուր պարով:
Ապա վարժարանիս տնօրէնուհի Հուրի Գարամարտեան իր խօսքը արտասանեց, հակիրճ տեղեկութիւններ տալով 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի գործունէութեան մասին: Ան աշակերտներուն դէպի նախակրթարանի շարքեր բարի երթ մաղթեց:
Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Արժ. Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի բարի մաղթանքներով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Ցոլին Պալեան