Freedom House կազմակերպութիւնը հրապարակած է աշխարհի զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութեան մասին տարեկան զեկոյցը: Կազմակերպութիւնը կը յայտնէ, որ աշխարհը, վերջին 10 տարուան կտրուածքով յետընթաց ապրած է լրատուամիջոցներու ազատութեան տեսանկիւնէն: Թուրքիա զեկոյցին մէջ այս տարի եւս տեղ գտած է այն երկիրներու ցուցակին մէջ, որոնք մամուլի ազատութեան տեսանկիւնէն , նոյն դասարանը մնացած են»:
Զեկոյցին մէջ արձանագրուած է, որ որոշ ժողովրդավար երկիրներու մէջ ժողովրդական առաջնորդները իշխանութիւնը պահելու համար կը դիմեն լրատուամիջոցներու ճնշման նոր մեթոտներու:
2019ի զեկոյցին մէջ, Թուրքիան կը յիշուէր որպէս «մասամբ ազատ» երկիր: Freedom House-ը յայտնած է. «Այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր մամուլը ընկճուած վիճակի մէջ է, համացանցը մեծ տեղ ունի: 2016ի զինուորական յեղաշրջման անյաջող փորձէն ետք, Թուրքիոյ մէջ 150 լրատուամիջոց փակուած է, հարիւրաւոր լրագրողներ ահաբեկչութեան աջակցելու մեղադրանքով բանտարկուած են: Անոր հետեւանքով ԶԼՄ-ներուն մէջ գործողները համացանց խուժած են»:
Որպէս օրինակ` կը յիշուի, որ յայտնի լրագրողներ Ճան Տիւնտար եւ Եաւուզ Պայտար հարկադրաբար լքած են երկիրը եւ ստեղծած Ahval եւ Özgürüz հարթակները:
Զեկոյցին համաձայն, ապատեղեկատուութեան մեծ քանակի, քաղաքական բեւեռացման հետեւանքով նուազած է լրատուամիջոցներու նկատմամբ վստահութիւնը, եւ Թուրքիոյ մէջ իւրաքանչիւր 4-էն միայն 1-ը կը վստահի ԶԼՄ-ներուն: