«Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին «դաւադիր ուժերու» հետ կապուած ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան անդրադարձած է:

-Պարո՛ն Նախագահ, այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան լրագրողներու հետ զրոյցին յիշած է, որ նախորդ իշխանութիւններու ժամանակ Արցախի ղեկավարութիւնը տեղեակ չէ եղած բանակցային գործընթացի մանրամասնութիւններէն: Արդեօ՞ք Ստեփանակերտը պաշտօնապէս տեղեակ չէր այդ մանրամասնութիւններէն:

— Գիտէք, երբ Նիկոլ Փաշինեան ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը, բանակցային գործընթացը առաջնային հարցերէն էր, որոնց շուրջ քննարկումներ  եղած էր մեր միջեւ: Անոնք ես կրնամ ազնիւ եւ սկզբունքային որակել, որուն մասին բազմիցս հրապարակաւ յայտարարած եմ:

Վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը մեզ տրամադրած է որոշ փաստաթուղթեր բանակցային գործընթացին մասին: Մենք ալ մեր կարգին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին  փոխանցած ենք բանակցային գործընթացին առնչուող մեր մօտ առկայ փաստաթուղթերու փաթեթը:

Առհասարակ, եւ՛ հիմա, եւ՛ նախկինին Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններէն առաջ եւ անոնցմէ ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները տեղեակ էին  Արցախի ղեկավարութեան մէջ քննարկուող հարցերէն եւ վերջին զարգացումներէն:

Ընդհանրապէս, կ’ուզեմ շեշտել, որ շահարկումներ թոյլ չտալու լաւագոյն եւ միակ ձեւը Արցախի անմիջական մասնակցութեամբ բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափի վերականգնումն է:

Վարչապետ Փաշինեան նաեւ յայտարարած է, որ կան որոշ դաւադիրներ եւ Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց օգնականներուն կը յորդորեն դիմատետրի մէջ գրառումներ կատարել, թէ Փաշինեանը հողեր կը  ծախէ: Ին՞չ կ’ըսէք ասոր մասին:

-Նմանատիպ հարցեր ինծի արդէն ուղղած են, մասնաւորապէս` 20 Մայիսին ՀՀ Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան անդամներու եւ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին: Ես ըսած  եմ, որ եթէ կան դաւադիրներ, անոնք պիտի պատժուին, եւ եթէ որեւէ մէկուն յայտնի են որոշակի անձեր եւ անոնց դաւադրութեան ապացուցուած փաստեր, թող մեզ տեղեկացնեն, եւ մենք համապատասխան քայլերու կը ձեռնարկենք:

Մեր ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն  մէկը մեր միասնականութիւնն է, եւ անթոյլատրելի կը համարեմ անոր խարխլման ուղղուած որեւէ քայլ` ըլլայ Արցախի, Հայաստանի, թէ Սփիւռքի մէջ: Անընդունելի կը համարեմ դաւադրական պահելաձեւը առհասարակ: Եթէ կան կասկածներ, անվստահութիւն այս կամ այն երեւոյթի, անձի կամ պաշտօնեայի նկատմամբ, կարեւոր կը համարեմ այդ բոլոր հարցերուն շուրջ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ քննարկումներու եւ ընդհանուր յայտարարի գալու անհրաժեշտութիւնը: Մենք ունինք մէկ հայրենիք, եւ անոր միասնականութիւնը պահպանելու համար բոլորիս պարտքն է  ամէն ինչ ընել: