Մանուկներու անմեղութիւնն ու անկեղծութիւնը համահունչ են գարնանային տրամադրութեան: Առինքնող է մանկութեան երազային աշխարհը, ուր մեծերս յաճախ կը փափաքինք վերադառնալ:
60 վայրկեանները, զորս ապրեցանք Շաբաթ, 18 Մայիս 2019-ի երեկոյեան Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս, 600 հանդիսատեսի վերադարձն էր դէպի մանկութեան աշխարհ՝ մանկանալու եւ մոռնալու կեանքի դժուարութիւնները:
Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի ամավերջի «60 Վայրկեան Աշխարհին Շուրջ» խորագիրը կրող հանդէսը շրջագայութիւն մըն էր երկիր մոլորակին շուրջ, ծանօթանալու մայր ցամաքներուն, անոնց բնիկներուն, տարբեր ազգերուն՝ իրենց մշակութային տարբերութիւններով:
Փոքրիկները ունին հսկայական կարողութիւն, որուն միայն պէտք է հաւատալ, վստահիլ եւ զայն բացայայտելու առիթ տալ:
Հանդիսատեսը ոտքի դիմաւորեց շրջանաւարտները, երբ հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները փոքրիկներու երգչախմբային կատարողութեամբ: Այնուհետեւ շրջանաւարտները ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Սուրիոյ բոլոր նահատակներուն յիշատակը:
«Իւրաքանչիւր հանդէս ունի իր նիւթը, որ տեսակ մը դաս է, ուր փոքրիկները կը սորվին իրենց դպրոցական ծրագիրէն դուրս», ըսաւ մանկապարտիզպանուհին իր խօսքին մէջ:
Այս դասապահուն, փոքրիկները մասամբ սորվեցան քարտէզ կարդալ, ծանօթանալ աշխարհամասերուն եւ բեւեռներուն:
Փոքրիկները պարեցին, երգեցին ու մշակուած խօսքերով մայրենի եւ օտար լեզուներու անդաստանին մէջ փորձառութիւն ձեռք բերին: Գեղարուեստական յայտագիրը արգասիքն էր Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին խմբային բարեխիղճ աշխատանքին: Անոնք, փաստօրէն, քաջ կը գիտակցէին, թէ արուեստը փոքրիկին հոգեկան զարգացման կարեւորագոյն բաղկացուցիչն է:
Այս հանդիսութեամբ 2019-ի շրջանաւարտ հունձքը ամփոփեց երեք տարուան աշխատանքը եւ ստացաւ իր վկայականը, որուն անհամբեր սպասող ծնողները ծափողջոյններով արձագանգեցին:
Վկայականները յանձնուեցան վարժարանիս տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանի եւ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեանի ձեռամբ:
Այնուհետեւ վարժարանի վաստակաշատ տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան իր սրտի խօսքը արտասանեց, յայտնելով, որ Կրթասիրացը 95 տարիներէ ի վեր, որպէս հայակերտումի եւ մարդակերտումի օճախ, կը շարունակէ սերունդներ կերտել եւ հայաբոյր մթնոլորտ ստեղծելով անոնց մէջ սերմանել հայերէնի հանդէպ սէր ու յարգանք:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան, վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ծնողաց Յանձնախումբին եւ այն մարմիններուն, որոնք սատար կը կանգնին վարժարանին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք Սարգիսեանին՝ իր հայրական հովանաւորութեան համար:
Պրն. Անդրանիկ շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ երկրիս վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին եւ սուրիական բանակին, որոնց շնորհիւ այսօր միասնաբար վայելեցինք շրջանաւարտ փոքրիկներուն հանդէսը:
Այնուհետեւ վարժարանի տնօրէնին ձեռամբ գնահատագրեր եւ ծաղկեփունջեր յանձնուեցան մանկապարտէզի ուսուցչուհիներէն Պէթի Կէօվշէնեան- Գասարեանի եւ Արաքս Աթաշեան-Լէհիմճեանի, իրենց ուսուցչական շրջանը բոլորելուն առիթով: Ապա, տնօրէնը ծաղկեփունջով գնահատեց Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզի մանկապարտիզպանուհի Մարգարիտ Շամիլեան-Մուրատեանը՝ իր տարած բծախնդիր աշխատանքին համար:
Հուսկ վարժարանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան իր սրտի խօսքը արտասանելով նախ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքը փոխանցեց շրջանաւարտ փոքրիկներուն եւ անոնց ծնողներուն: Ապա քահանայ հայրը յայտնեց, որ բեմ բարձրացած շրջանաւարտ փոքրիկները հպարտութիւն կ’առթեն եւ յոյս կը ներշնչեն:
Հանդէսը բարի երթի մաղթանքներով հասաւ իր աւարտին:

Թղթակից