Սուրիական մամուլը ընթացիկ շաբթուան մէջ հետեւեալ լուրերը լուսարձակի տակ առաւ.
Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2019-ին, «Ալ Ուահտա» թերթին համաձայն, սուրիական բանակը դէմ դրաւ Հոմսի արեւելեան արուարձանին մէջ գըտնուող Թայֆուր ռազմական օդակայանին ուղղութեամբ Իսրայէլի արձակած հրթիռներուն, վար առնելով երկու հրթիռ: Աղբիւրին համաձայն, արձանագրուեցաւ մէկ զոհ, երկու վիրաւոր եւ նիւթական վնասներ:
-ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2019-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Սերպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Էրիանոսը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ներկայութեամբ՝ Անթաքիոյ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Իւհաննա Եազճի պատրիարքին: Հանդիպումին ընթացքին Ասատ շեշտեց, որ արտաքին ուժեր միջամտելով տարածաշրջանի երկիրներու ներքին հարցերուն, անոնց ինքնիշխանութիւնն ու ազատութիւնը խլել փորձեցին եւ տուեալ երկիրներու ժողովուրդներուն ընկերային հիւսուածքը քայքայելու համար պայքարեցան՝ յանուն իրենց ծաւալապաշտական նպատակներուն: Այնուհետեւ որոշ երկիրներու ժողովուրդներուն դիմադրութիւնն ու մաքառումը ենթահող դարձաւ տեղական ուժերու միջեւ արդիւնաւէտ երկխօսութեան եւ գործակցութեան:
Իր կարգին Էրիանոս դիտել տուաւ, որ Սուրիա կարողութիւն ունի դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ իր պատմական դերը վերականգնելու, որպէս խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը գործնապէս գնահատող երկիր:
-Քաղաքական գետնի վրայ, սուրիական «Ալ Ուաթան» թերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը զոյգ նամակներ ուղղարկեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, պահանջելով անմիջապէս դատապարտել Սուրիոյ մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն իրարայաջորդ յարձակումները, որոնք թիրախ կը դարձնեն ապահով բնակչութիւնը: Նախարարութեան համաձայն. ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին անդամ, յատկապէս արեւմտեան, պետութիւններն ու ԱՄՆ կը շարունակեն սուրիական բանակին եւ անոր դաշնակից ուժերուն մասին ապատեղեկատուութիւն տարածել՝ յայտնելով որ բանակը Իտլիպի եւ այլ նահանգներու մէջ թիրախ կը դարձնէ բնակչութիւնը: Ցաւ ի սիրտ ՄԱԿ-ի պատասխանատու կարգ մը մարմիններ կը շարունակեն անհիմն տեղեկութիւններով արդարացնել «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն բռնարարքները:
-Տնտեսական գետնի վրայ, սուրիական «Տամ Փրէս» կայքը վկայակոչելով ամերիկեան «Fox News» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ «սահմանային միջանցք» պիտի բացուի, աւելցնելով, որ Սուրիոյ արեւելեան Պուքամալ քաղաքին մէջ նոր միջանցք կառուցելու աշխատանք կը տարուի: