Հայրենի լրատուադաշտը, նոյնիսկ քաղաքական դաշտը ողողած անպատշաճ որակումները, հայհոյանքներն ու բարոյական արժէքներու դէմ ուղղորդուած արշաւը որակազրկել սկսած են ոչ միայն լրատուադաշտը, այլեւ թափանցելով հասարակութեան մէջ, փոխադարձ մերժողականութեան անկառավարելի ալիք մը սկսած են բարձրացնել:
Այս դատապարտելի երեւոյթը պահ մը մտածել կու տայ, թէ ո՞վ կը շահի այս խեղկատակութենէն: Ինչո՞ւ մեր երկրին ու ժողովուրդին դիմաց ցցուող իսկական հարցերէն, մարտահրաւէրներէն ու անոնց լուծումներուն ուղղուած գործընթացներէն կը շեղի հասարակութեան ուշադրութիւնը: Ինչո՞ւ հասարակութիւնը կը ներքաշուի խելակորոյս յորձանուտի մը մէջ, որ ոչ մէկ կապ ունի խօսքի ազատութեան, կառուցողական քննադատութեան հետ, ուղղուած չէ, բնականաբար, սրբագրելու այս կամ այն երեւոյթը, շինիչ առաջարկներ ներկայացնելու եւ հարցեր լուծելու: Ընդհակառակն՝ անվստահութեան այս մթնոլորտը կը ստեղծէ այնպիսի պայթիւնավտանգ իրավիճակ, որ ինքնաբերաբար կը դանդաղեցնէ երկրի յառաջընթացին ու անվտանգութեան պահպանման ուղղուած լուրջ ջանքերը:
Մտահոգիչ այս երեւոյթին դիմաց, սակայն, ինչո՞ւ լուռ կամ զգուշաւոր կը մնայ մտաւորականութեան նկատառելի մէկ տոկոսը: Ինչո՞ւ վերջին տարիներուն մամուլը, յատկապէս ոչ-աւանդական, վերածուած է սոսկ լրատուամիջոցի, քաղաքական պայքարի գործիքի ու զգալի համեմատութեամբ նուազիլ սկսած են առաջնորդող յօդուածները, գաղափարական քննարկումները, պատկերասփիւռային առողջ բանավէճերը ու մտային այն ճիգը, որով կը փորձենք խօսիլ գործի մը խորքին, արժանիքներուն եւ թերութիւններուն մասին:
Արդիական միջոցներու կիրարկումը չի պայմանաւորուիր խօսքի որակական անկումով: Երբե՛ք: Ընդհակառակն՝ համացանցն ու հաղորդակցութեան տարբեր միջոցները խօսքի բեմը դառնալու են նաեւ մտաւորական այն խաւին, որ անկախ իր քաղաքական ուղղուածութենէն, ճշգրիտ մատնանշումներով կþակնարկէ թերութիւններուն, կառուցողական քննադատութեամբ նոր ուղիներ կը բանայ եւ խորքային վերլուծումներով բնականաբար զերծ կը պահէ մամուլն ու հասարակութիւնը անվստահութեան ալիքներէ ու կեանք կու տայ մեր հաւաքականութեան:
Ո՞ւր պէտք է որոնել, ուրեմն, մտաւորականութեան նկատառելի մէկ համեմատութեան լռութեան պատճառը… Ազատ խօսքի կաշկանդումներո՞ւն մէջ, ամէն երեւոյթ քաղաքականացնելու ընդհանրացած ախտի՞ն մէջ, մտաւորականութեան անհրաժեշտ կարեւորութիւնը չընծայելու նեղմտութեա՞ն մէջ:
Ինչ ալ ըլլան պատճառները, սակայն, ներկայ պայմանները կը թելադրեն լայն տեղ տալ մտաւորականութեան, վերականգնել հայկական լրատուադաշտին առաջնորդող դերը՝ որպէսզի պահպանուի փոխադարձ հանդուրժողութիւնը, ընդդիմութիւն-իշխանութիւն առողջ երկխօսութիւնը, եւ մենք բարի նախանձով չդիտենք յառաջացած երկիրներու մէջ քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու զրոյցներն ու հասարակութեան մը հաղորդակցութեան որակը բնորոշող զուսպ քննարկումները: