«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած շարք մը օրէնքներ:
ՀՀ նախագահը ստորագրած է Ազգային ժողովին ընդունած «Ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովման մասին» օրէնքի փոփոխութիւն եւ լրացումներ կատարելու, Վարչական իրաւախախտումներու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու, «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիրին մասին» օրէնքի լրացում կատարելու , «նոյնականացման քարտերու մասին» օրէնքի լրացում կատարելու, «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան մասին» օրէնքի լրացում կատարելու , «օտարերկրացիներու մասին» օրէնքի լրացում կատարելու , «ոստիկանութեան մասին» օրէնքի լրացումներ եւ փոփոխութիւն կատարելու մասին, «ինքնաշարժային ճանապարհներու մասին» օրէնքի փոփոխութիւն կատարելու մասին, «զէնքի մասին» օրէնքի փոփոխութիւն եւ լրացում կատարելու մասին, «ոստիկանութեան մէջ ծառայութեան մասին» օրէնքի փոփոխութիւններ եւ լրացում կատարելու մասին, «ոստիկանութեան զօրքերու մասին» օրէնքի լրացում կատարելու, «ներգործող-հետախուզական գործունէութեան մասին» օրէնքի լրացումներ կատարելու, «ինքնաշարժային ճանապարհներու մասին» օրէնքի փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու , «պետական տուրքի մասին» օրէնքի փոփոխութիւն կատարելու եւ Վարչական իրաւախախտումներուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին ՀՀ օրէնքները: