Անհուն կսկիծով հողին յանձնեցինք հաւատարիմ դաշնակցական, անգին եղբայր եւ բոլորիս սիրելի ընկ. Յակոբ Քէլէշի բազմաչարչար մարմինը։ Ընկեր մը, որուն քաջածանօթ են ոչ միայն կուսակցականները, այլեւ Հալէպի հայութիւնը եւ արաբ ժողովուրդը։ Ընկեր մը, որ ի գին ամէն զոհողութեանց, շատ անգամ յանձն առաւ վերջին շունչը փչող վիրաւորներ փոխադրել հիւանդանոց եւ կեանքի վերադարձուց զանոնք։ Նուիրեալ մը, որ դաշնակցականի ծառայասէր ոգիով տոգորուած՝ նպաստեց հարիւրաւոր կարօտեալ ընտանիքներու սննդամթերքի բաշխման աշխատանքին։ Եւ վերջապէս անդուլ ծառայող մը, որ պատերազմի դաժան օրերուն, զինակից ընկերներու կողքին կանգնեցաւ, յանուն շրջանի ժողովուրդի անվտանգութեան։
Ոչ մէկ դժուարութիւն կրցաւ ընկճել աշխատասէր ու համեստ ընկ. Յակոբը։ Ամէն առաւօտ կանուխ, անբաժան ծխախոտը ձեռքին, արագ քայլերով կը փութար «Տիգրանեան» կեդրոն՝ կատարելու իրեն վստահուած աշխատանքները։ Ըլլալով շրջանի երէց ընկերներէն, իր ամէնօրեայ ներկայութիւնը ակումբէն ներս կենդանի օրինակ կը ծառայէր նորահաս սերունդին՝ դառնալու ընկ. Յակոբի հաւատարիմ հետեւորդները։
Անկասկած, որ այսուհետեւ անոր բացակայութիւնը դառն իրականութիւն պիտի համարուի բոլորիս համար, սակայն Նժդեհի խօսքով՝ «քաջերի յարութիւնն է մահը», այլ խօսքով՝ քաջերը չեն մեռնիր, անոնք կþանմահանան։
Քիլիսցի համեստ ընտանիքի զաւակ՝ ընկ. Յակոբ, ամուսնացած էր եւ ունէր դուստր մը եւ մանչ մը։ Շատ կանուխ ան մուտք գործած էր ՀՄԸՄ-ի շարքեր եւ հետզհետէ բարձրանալով տիրացած էր առաջնորդ խմբապետի պաշտօնին։ Մարզասէր էր ան, հէնտպոլի եւ հեծանիւի մէջ ձեռք ձգած էր շատ մը մրցանակներ։ Ապա անդամակցած էր ՀՅԴ-ի շարքերուն եւ դարձած՝ ազգանուէր կուսակցական մը։
Սիրելինե՛ր,
Այսօր քաջութիւնը ունինք յայտարարելու, որ ընկ. Յակոբը կը դա-սուի մեր դաշնակցական ֆետայիներու փաղանգին, որովհետեւ ան երբեք չզլացաւ իր լուման ներդնել իր այնքան պաշտած կուսակցութեան եւ մինչեւ իր անողոք հիւանդութիւնը ծառայեց իր ազգին՝ յատկապէս Նոր Գիւղի համեստ ժողովուրդին։
Սիրելի՛ ընկեր Յակոբ,
Հիմա թեթեւցած է հոգիդ եւ կը հաւատանք որ ան կը թեւածէ մեր մէջ։ Ո՛չ զարգացած գիտութիւնը, ոչ ալ ընկերներու ջանքերը կրցան հեռացնել քեզմէ անողոք մահը, որ եկաւ անժամանակ խլելու քեզ հարազատներէդ եւ ընկերներէդ։ Կասկած չունինք, որ հոգիդ դեռ երկար ատեն պիտի թեւածէ «Տիգրանեան» ակումբին մէջ եւ դաշնակցականի օրինակելի վարքդ սերունդներ պիտի դաստիարակէ՝ ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ։
Հողը թեթեւ գայ յոգնատանջ ուսերուդ, անզուգակա՛ն ընկեր։
Խունկ ու մոմ անթառամ յիշատակիդ։

 

«Արամ» ընտանիք