Փտածութիւնը ընկերային-բարոյական այն ախտն է, որմէ բացառուած չէ որեւէ պետութիւն կամ ժողովուրդ, սակայն այդ վարակի ծաւալումն ու տարողութիւնը կը տարուբերի հասարակութենէ-հասարակութիւն, եւ շեշտուած է յատկապէս երրորդ աշխարհի երկիրներէ ներս։
Փտածութիւնը ծանօթ է մարդկային կեանքի վաղնչական ժամանակներէն իսկ, անոր դէմ պայքարը եւս նոյնքան հին է եւ ծայր առած անոր ծնունդին հետ։ Մեծ ու բազմերանգ է փտախտի շրջածիրը, որ կþընդգրկէ մաքսախախտումներ, զեղծարարութիւն, թմրանենգութիւն, դրամակեղծութիւն, մարմնավաճառութիւն, ապօրինի միջոցներով գոյացած գումարներու որպէս օրինաւոր շրջանառութիւն (դրամալուացք) եւայլն։
Այս բոլորին մէջ, սակայն, ամենավտանգաւորներն ու ամենածանրակշիռները կը հանդիսանան պետական կառոյցներու եւ հաստատութիւններու կողմէ ձեռնարկուած մեծ ծրագիրներու կամ գործառնութիւններու ընթացքին արձանագրուող անհաւատալի շեղումներն ու ամօթալի զանցառութիւնները՝ ի նպաստ բարձր եւ ազդեցիկ դիրքեր, պաշտօններ զբաղեցնող պատասխանատուներու գրպանին եւ ի վնաս երկրի եկամուտին։
Փտածութեան մէջ առճակատումը անյետաձգելի պահանջ դարձած է այսօր հայաստանաբնակ իւրաքանչիւր հայրենակիցի համար։
Մեր հայրենիքէն ներս այսօր անպարկեշտ, մեղադրեալի վարքագիծի ու գործունէութեան տէր քաղաքացիներ անգամ հրապարակ կþիջնեն դատապարտելու փտախտն ու կաշառակերութիւնը անողոք ու անտեղիտալի պատերազմ յայտարարելու անոնց դէմ, առաջ քշելով հնարաւոր բոլոր միջոցներով անոնցմէ ձերբազատելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը։
Հակառակ այն իրողութեան, որ ամէն ոք կը մերժէ ու կը դատապարտէ փտածութիւնը, ինքզինք հեռու եւ անմասն նկատելով այդ մոլորութենէն, այսուհանդերձ՝ այդ յոռի երեւոյթը մեծ համեմատութեամբ ծաւալած է հայրենի մեր իրականութենէն ներս եւ համակած զայն։
Փտախտի դէմ պայքարը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ ընդունուած է ազգային առաջնակարգ պարտաւորութիւններու շարքին։
Պաշտօնական թէ ժողովրդային տարբեր հարթութիւններու վրայ ապօրինի գործարքներու դէմ մաքառելու կամքը, ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնը երբեք բացակայ չեն եղած մեր երկրէն ներս։
Օրինազանցութիւններու դէմ նպատակաուղղուած, արդիւնարար եւ հետեւողական պայքարի կազմակերպումը՝ երկիրէն ներս իրաւ ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման, տնտեսական հաստատաքայլ յառաջընթացին, քաղաքացիական հասարակութեան կայացման, օրէնքի գերակայութեան նուիրականացման… եւ այս բոլորին իբրեւ արդիւնք՝ հզօր եւ բարգաւաճ հայրենիք կերտելու հիմնական երաշխիքներէն կը համարուի։
Կաշառակերութիւնը, որ ազգային անվտանգութեան սպառնացող անհանդուրժելի եւ ամօթալի երեւոյթ է, կը պայմանաւորուի երկու կողմերով՝ կաշառատու եւ կաշառառու։ Ընկերային այդ հիւանդութեան դարմանումը առաջին հերթին կþենթադրէ վերափոխութիւն հաւաքականութենէն ներս տիրող հոգեխառնութեան եւ մտայնութեան, ժողովուրդի մը աստիճանաբար սերմանելով պարկեշտութիւն եւ օրէնքներու համապատասխան ապրելու ունակութիւնը։
Ընկերային թէ տնտեսական անձուկ եւ անյաղթահարելի պայմաններու մէջ ապրող պաշտօնեաներ, որոնց աշխատավարձերը շատ համեստ են եւ անբաւարար, յաճախ ակամայ կը պարտաւորուին իրենց վայելած դիրքն ու իշխանութիւնը չարաշահելու, օրէնքի շրջանցումով անձնական նպաստ եւ բարեկեցութիւն ապահովելու։ Ահա այստեղ է, որ հասարակական մտածողութեան եւ ժողովուրդի դաւանած բարոյական արժէքներու առաջնահերթ խնդիրները առանձին նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն կը զգենուն։
Քարոզչական, դաստիարակչական եւ հասարակաքաղաքացիական հաստատութիւններու վերահսկողութեան գործընթացներու բարեկարգումով ու հզօրացումով, ինչպէս եւ ժողովուրդը արթնութեան մղող միջոցառումներու որդեգրումով անհրաժեշտ է հանգրուանօրէն հասնիլ այնպիսի կարգավիճակի, որ մեր հայրենակիցները կարենան ինքնաբերաբար անդրադառնալ այդ յոռի երեւոյթի հետեւանքներուն ու վտանգին, որոնք կը սպառնան թէ՛ իրենց, թէ՛ իրենց զաւակներուն եւ թէ մեր հայրենիքի գալիքին։
Համաձայն միջազգայինօրէն սահմանուած բոլոր չափանիշներուն, կաշառատուն եւ կաշառակերը հաւասարաչափ պատասխանատու են իրենց գործած ապօրինի արարքներուն համար։ Իրաւական տեսանկիւնէ երկուքն ալ յանցաւոր են եւ դատապարտելի, հետեւաբար՝ յոյժ էական են նման շեղ յարաբերութիւններու ուղի հարթող պատճառներու հակակշռումն ու վերացումը։
Հարցախոյզներ ցոյց կու տան, որ հայրենաբնակ հայութեան մեծագոյն զանգուածը մեր երկրի զարգացումը սանձահարող հիմնական եւ գլխաւոր խոչընդոտներէն կը համարէ փտածութիւնը (կոռուպցիա)։ Այս արդիւնքը կը հաստատէ զոյգ ճշմարտութիւններ, առաջին՝ որ պետական-իշխանական մարմիններ թէ հասարակական կազմակերպութիւններ հիմնահարցի շուրջ ծաւալած են համակողմանի, ազատ թափանցիկ եւ օգտակար քննարկումներ, որոնք կը նպատակադրեն ախտաճանաչել եւ յայտնագործել երեւոյթի պատճառները, ապա զանոնք յաղթահարելու ի խնդիր ազդու եւ արդիւնարար միջոցառումներու ձեռնարկել։ Երկրորդ՝ որ մեր հայրենի հասարակութիւնը իրողապէս սկսած է գիտակցիլ այդ ապառողջ եւ անպատուաբեր երեւոյթի պատճառած վնասներուն եւ չարիքներուն ահաւորութեան։
Բնականաբար պէտք չէ բաւականանալ այսքանով, այլ անյապաղօրէն անցնիլ գործնական փուլ եւ այս գիտակցումը թարգմանել որոշակի, ծրագրուած քայլերու։
Ապականութիւնն ու փտածութիւնը սահմանափակող կամ կանխարգիլող ամենաձեռնտու եւ ամենաարդիւնարար դեղատոմսերէն կը սեպուին մարդոց ընկերային վիճակի բարեշրջումը, տնտեսական ապահովութիւնը եւ այլն։ Արդարեւ՝ ամենայառաջդիմած, ամենահարուստ եւ ամենաբարգաւաճ երկիրներու պաշտօնատարներու կողմէ իսկ երբեմն կþարձանագրուին սեփական դիրքի կամ իշխանութեան օգտագործման, դրամական իւրացումներուն, զանցառութիւններու, պետական գնումներու առնչուած հսկայական չարաշահումներու դէպքեր, որովհետեւ մարդը իր բնութեամբ ագահ է եւ անկուշտ։
Եթէ կարողանանք ձերբազատիլ մեր ժողովուրդի մօտ գոյաւորուած այն թիւր մտայնութենէն, ըստ որուն՝ մեր երկրի ամբողջ իշխանութիւնը, պետական բոլոր պատասխանատուներն ու պաշտօնեաները զանցառումներ եւ կաշառակերներ են, եւ փոխարէնը ջանանք իւրաքանչիւր պաշտօնեայի աշխատանքն ու վարքագիծը ընդհանրական պարունակէն դուրս՝ առանձնաբար գնահատել, այն ատեն միայն կը յաջողինք յանգիլ առողջ, առարկայական եւ կառուցողական եզրակացութիւններու։
Օրէնսդրական բարեփոխումներով հարկ է սահմանափակել. առաւելագոյնս սեղմել պետական պաշտօնեաներու ընձեռուած ենթակայական շահերէ զսպանակուող ազատ, կամայական որոշումներ կայացնելու հնարաւորութիւնը։ Աշխատավարձերու բարձրացումով անհրաժեշտ է կենսագործել պետական պաշտօնատարներու բարեկեցութիւնը, միաժամանակ խստացնել անոնց աշխատանքի վերահսկողութիւնը։ Շատ կարեւոր է յատկապէս՝ ապահովել պետական պաշտօնեաներու չարաշահումները անվախօրէն մատնանշող կամ բացայայտող հայրենակիցներու պաշտպանութիւնը։ Իսկ ամենաէականը՝ հարկաւոր է անվերապահօրէն կիրառել օրէնքի առաջ բոլորին հաւասարութեան եւ պատասխանատուութեան անխուսափելիութեան սկզբունքը։ Այսինքն՝ իւրաքանչիւր պաշտօնեայ պէտք է յստակօրէն իմանայ, որ օրէնքը խախտելու պարագային պատիժը անխուսափելի է եւ անշրջանցելի՝ ով ալ ըլլայ անոր հեղինակը։
Փտածութեան եւ կաշառակերութեան դէմ համակողմանիօրէն շղթայազերծուած երկարաշունչ եւ լայնածաւալ արշաւին մէջ առաջատար եւ վճռորոշ դերակատարութիւն վերապահուած է Դատական Իշխանութեան եւ համակարգին։ Որովհետեւ միայն մասնագիտական արհեստավարժ հետաքննութեամբ եւ անաչառ դատավարութեամբ կարելի է իսկական յանցագործները յայտնաբերել, անոնց մեղադրելի արարքներուն ճշգրիտ տարողութիւնը սահմանել, ապա նաեւ անոնց կրելիք արդար պատիժը որոշել։
Կենսական է մանաւանդ ժողովուրդին մօտ Դատական Իշխանութեան նկատմամբ հաւատք եւ վըստահութիւն ներշնչել, ու հաւաստել՝ որ Հայաստանի մէջ կարելի է հասնիլ արդարութեան, կարելի է նոյնիսկ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կամ պետական մարմիններու օրինախախտումներուն եւ անիրաւութիւններուն դէմ բողոքել, եւ անպայման արդար վճիռներու եզրայանգիլ։
Նման հաւատքի եւ վստահութեան արմատաւորումով միայն հայրենի իշխանութիւններ պիտի յաջողին հայաստանահպատակ մեր քոյրերն ու եղբայրները մղել ապականութեան դէմ անողոք եւ անհաշտ առճակատումի, իսկ այդ հաւատքին ու վստահութեան միս եւ աւիւն հաղորդողը պիտի ըլլայ Դատական անկաշառ Իշխանութիւնը, միշտ յենարան ունենալով հասարակութեան անշրջանցելի նեցուկը։

 

Խաչիկ Շահինեան