Միայն Փետրուարեան յեղաշրջումը Շանթն ու Աղբալեանը փրկեց պոլշեւիկեան մեթոտով կացինահարուելէն։ 1921-ին Շանթ գրեց իր «Ինկած Բերդի Իշխանուհին» թատերգութիւնը, որ ըստ էութեան կը խորհրդանշէր պոլշեւիկներու կողմէ Հայաստանի իշխանութեան խաբէութեամբ յափշտակումն ու դաժան հաշուեյարդարը՝ գեղարուեստօրէն ներկայացուած։
Ինքնին հասկնալի էր, որ Շանթի եւ միւս դաշնակցական ղեկավարներու Հայաստան մնալու պարագային դաժանօրէն սպանուելու ստոյգ վտանգը դամոկլեան սուրի պէս կախուած էր իւրաքանչիւրի գլխուն։ Մեծ խումբ մը մտաւորականութեան հետ, Շանթ եւս գաղտնի կ’ելլէ երկրէն, որուն փրկութեան ու վերականգնումին համար ըրած էր իր ամբողջ կարելին։ Կ’անցնի նախ Պարսկաստան, ապա Պաղտատի, Պասրայի, Պոմպէի, Գահիրէի վրայով կը հասնի Եւրոպա ու կը հաստատուի Փարիզ։ Այդ օրերու մասին Վրացեան կը վկայէ. «Ամէնքի պէս (նկատի ունի տարագիր մտաւորականները։ Լ. Մ.), Շանթի նիւթական վիճակն էլ փայլուն չէր, նա ապրում էր գրական վաստակով եւ, ի հարկէ, նեղւում էր, բայց մի օր նրա բերանից ես դժգոհութիւն չլսեցի։ Ոչ յօրինակ այլոց, ազգից չէր խռովում, որ իր գրողներին անօթի էր պահում. որեւէ մէկին օգնութեան ձեռք չէր մեկնում։ Եւ շատ անգամներ ասում էր.-ինչպէս մեր ժողովուրդը, այնպէս եւ մենք։ Հայ ժողովրդի մասին իր հիացումը անվերապահ էր»։
1926-ին Շանթ կ’անցնի Եգիպտոս եւ Ալեքսանդրիոյ Պօղոսեան Ազգային վարժարանին մէջ դասեր կը ստանձնէ։ Դպրոցին տնօրէնն էր Նիկոլ Աղբալեան, իր մտերիմ բարեկամը։ Սփիւռքահայ կեանքը կազմակերպելու, ազգին բեկորները հատուածականութենէն վեր, համահայկական նուիրական գաղափարի շուրջ միաւորելու համար՝ Շանթ կ’առաջարկէ հիմնել «Լոյս» անունով կրթական մշակութային ընկերութիւն մը, որ կարող ըլլայ դպրոց պահելու։ Առաջարկը կը ներկայացուի Աղբալեանին։ Գաղափարը իրագործելու փափաք ունէին բոլորը, բայց թէ ի՞նչ միջոցներով՝ մտահոգութիւնը կը պարզէ Շանթին բառախաղ-երկտողը.
«Լաւ միտք է, սակայն փո՞ղը. դրամը գաղափար չունի, իսկ գաղափարը՝ դրամ չունի. Մեր մէջ նա, ով գաղափար ունի՝ դրամ չունի, իսկ ով գաղափար չունի՝ նա դրամ ունի։ Էդ հազար ոսկին դուք որտեղի՞ց պիտի առնէք, ո՞վ ձեզ հազար ոսկի կը տայ։
Լեւոն Շանթ»
Մտաւորական ու կուսակցական գործիչներու մեծամասնութեան ձայնով կ’որոշուի հիմնել ամբողջ Սփիւռքը ընդգրկող համազգային ընկերութիւն մը։ Տեղւոյն վրայ կը հաստատուի նաեւ անունը՝ Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւն։ 1928-ի Մայիս 28-ը կ’ընդունուի իբրեւ Համազգայինի հիմնադրութեան օր։ Գաղութներու մէջ քարոզչական աշխատանք կը տարուի, կը բացուին մասնաճիւղեր, իսկ 1930-ին Պէյրութի մէջ կը բացուի Հայ Ճեմարանը (հետագային՝ Նշան Փալանճեան), ուր տեսուչի պաշտօն կը ստանձնէ Շանթ, մինչեւ իր մահը՝ 1951։
Շանթի մահուամբ հայ ժողովուրդը եւ յատկապէս Սփիւռքը կը կորսնցնէր իր մեծ գրագէտը, հայրենասէրը, հայագէտը, մանկավարժը, հոգեբանը ու բացառիկ Հայը։ Մինչդեռ Խորհրդային Հայաստանի մէջ պաշտօնական մամուլը անոր յիշատակը անարգող կարճ տեղեկութիւն մը միայն կը տպէ՝ մահը յայտնելու համար։ Այդպիսին էր ժամանակը… որ սակայն իր հետքերը ձգած է մարդկային հոգեբանութեան վրայ։ Կը պատմուի, թէ երբ 1969-ին, Շանթի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ, անոր գործերու ժողովածու մը հրատարակուեցաւ, կարգ մը ղեկավար անձեր արտայայտուած էին, թէ միտումնաւոր կերպով գիրքը տպուած էր վատորակ թուղթի վրայ եւ առանց հեղինակի նկարին… Իզուր չէ որ Նժդեհ ըսած է, թէ դժբախտութիւնը այն չէ որ գոյութիւն ունի թուրքը, այլ այն, որ գոյութիւն ունին թրքաբարոյ հայեր…
Շանթի մահուամբ «Համազգային» ընկերութեան մէջ բոյն կը դնէ մտահոգութիւն մը՝ «Պիտի գտնուէ՞ր մէկը, որ կարենար արժանաւորապէս գրաւել մեկնողներուն տեղը, նոյն ոգին, նոյն շունչը, մտաւորական պատրաստութիւնը եւ բարոյական արժէքները խտացնելով իր անձին մէջ։
….Արդ, եկողը պիտի գիտնա՞ր մնալ նոյն բարձրութեան վրայ եւ անխաթար պահել հաստատութեան մաքուր մթնոլորտը։
Ահա այս ու նման մտահոգութիւններ կը խառնուէին Լ.Շանթի մահուան դեռ թարմ սուգին, երբ լուր տարածուեցաւ, թէ Ս. Վրացեան պիտի ըլլար Ճեմարանի նոր տնօրէնը»։
Երանի՜ թէ մեր մէջ միշտ ու ամէնուր տիրէին ազնիւ մղումներէ սնող նմանօրինակ մտահոգութիւնները, արժանաւորին արժանին մատուցելու գիտակցութիւնը եւ բարոյական մաքրութիւնը…
Շանթ Ճեմարանին կապուած էր ամբողջ էութեամբ ու եռանդով, հայրենասիրական նուիրումով, նոյնիսկ գրական-ստեղծագործական աշխատանքը զոհաբերելով այս գործին։ Երբ բարեկամներ կը համոզեն հրաժարիլ կրթական գործէն ու կրկին դառնալ գրականութեան, ան կը պատասխանէ. «Գրականութիւնը լի՛ւքս է, լի՛ւքս։ Որո՞ւ համար պիտի գրեմ, երբ ասկէ 20-30 տարի յետոյ այդ գրուածքները կարդացող պիտի չունենան։ Հայութիւնը այժմ պէտք ունի նոր եւ թարմ մտաւորականներու, որոնք ուսուցիչ դառնան, գրագէտ ըլլան… գաղափարական մտաւորականի պարտաւորութիւնը ստանձնեն եւ լեցնեն այն անհուն պարապը, որ Ապրիլեան եղեռնով բացուեցաւ»։ Ահա՛ հայ գրողին մեծ զոհողութիւնը՝ իր տաղանդին հանդէպ, հայրենասէր մտաւորականին մտահոգութիւնը՝ սփիւռքացած ազգին վաղուան հանդէպ ու յանձնառութիւնը՝ նահատակներու յիշատակին առջեւ։ Գրողին միակ գոհացումը՝ ընթերցող ունենալու եւ սարսափը՝ իր լեզուի հնարաւոր կորուստին։ Անմիջապէս չէ՞ք յիշեր Թէքէեանին ալ մտատանջութիւնը՝

Լեզուն որով գրեցի՝ երկրի երեսը քիչեր
Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ…
Հարիւր տարի վերջ միայն, իր այս ձեւով, այս սխալ
Կամ ճիշդ ձեւով ու հնչմամբ՝ լեզուն անուշ, զոր խօսեր
Էին անուշ տղաքներ, գուցէ խօսող չունենայ….

(Շար. 3)
Լալա Միսկարեան-Մինասեան