ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԷՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾ ՄԸ ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ

   Ափսո՜ս, Մեսրոպ պատրիարքէն գրական գործ մը չունիմ իմ գրադարանին մէջ։

   Կ’ափսոսամ՝ իր անունով գրական կամ բանասիրական գործի մը բացակայութեան դիմաց, որովհետեւ կը հաւատամ որ Պատրիարք Սրբազանը կատարելապէս ատակ էր գրողական աշխատանքի։ Ամէն անգամ որ մտերմօրէն զրուցած եմ իր հետ կամ ունկնդրած իր ելոյթները, զգացեր եմ իր խոր ծանօթութիւնը մանաւա՛նդ պատմական կամ հնախօսական նիւթերու մասին։

   Չկրցա՞ւ անդորր պայմաններ ու ժամանակ ստեղծել գրչի աշխատանքով պարապելու համար։ Թերեւս։ Կամ արդեօ՞ք անձնատուր եղեր էր այն թիւր համոզումին, թէ ինք գրական շնորհ չունի…։ Ո՜վ գիտէ։

   Որքան լաւ պիտի ըլլար սակայն, եթէ հիմա, իր կանխահաս վախճանումին իբրեւ սփոփարար երեւոյթ, մեր գրադարաններուն մէջ ունենայինք պատրիարք սրբազանէն քանի մը գիրք։ Պարզապէս քանի մը գիրք՝ որպէս ԿՏԱԿ ապագայ սերունդներուն։

   Մեսրոպ պատրիարքին նախորդները ունեցա՛ն այդ բարեբախտութիւնը։

   Չեմ խօսիր Օրմանեանի մասին, որ ծանրածանր հատորներով («Ազգապատում», «Համապատում» եւ այլն) դարագլուխ բացաւ մեր եկեղեցական գրականութեան մէջ։ Բայց գրական շատ ուշագրաւ ու անկորնչելի վաստակով յատկանշուեցան Գարեգին Խաչատուրեան եւ Շնորհք Գալուստեան պատրիարքներն ալ։ Նոյնիսկ Զաւէն Տէր Եղիայեան, Նարոյեան ու Գազանճեան պատրիարքները  (վերջինը՝ ընտիր թարգմանութիւններ ունի լիբանանցի գրող Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանէն) կրցան գրական նկուն վաստակ մը թողուլ իրենց ետին, բարեբախտաբար։

   Իսկ Մեսրոպ պատրիա՞րք…։

   Գիտեմ, որ Հրանդ Տինքի «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ թրքերէն լեզուով յօդուածներ ստորագրած է ան, 90-ական թուականներուն։ Պոլսոյ հայատառ մամուլին մէջ ալ լոյս ընծայուած են իր զատկական կամ ամանորեայ ընթացիկ պատգամները, որոնք այլապէս ալ բովանդակալից են եւ իւրայատուկ։ Պատրիարքարանի հայագիտական «Շողակաթ» հանդէսի այն միակ թիւին մէջ, որ տպուեցաւ 1995-ին, ունի եկեղեցագիտական երկու կարճ ուսումնասիրութիւններ։ Միայն այսքան։

   Կա՞ն իր գրչին պատկանող անտիպ էջեր կամ օրագրութիւններ, որոնք օր մը կրնան երեւան ելլել. չեմ գիտեր։

   Գրական տպագրեալ գործի մը անհրաժշտութեան վրայ ծանրացայ, որովհետեւ մի՛շտ հաւատացած եմ ՏՊԱԳԻՐ ԽՕՍՔԻ արժէքին։ Ամէնէն գեղապաճոյճ ոճով արտասանուած բանաւոր ելոյթ մը կամ բովանդակալից քարոզ մը անգամ՝ ի վերջոյ ԿԸ ՑՆԴԻ ու Կ’ԱՆԷԱՆԱՅ օդին մէջ, մինչդեռ տպագիր գործ մը՝ ԿԸ ՅԱՐԱՏԵՒԷ, կը պահպանուի, կը յանձնուի յառաջիկայ տասնամեակներուն եւ դարերուն։

*

  Գրադարանիս մէջ Մեսրոպ պատրիարքին կողմէ ինծի նուիրուած երեք գիրքեր կը պահեմ։ Առաջինը՝ «Շողակաթ» հանդէսի վերոնշեալ թիւն է, զոր ինք խմբագրած է անձամբ, երկրորդը՝ Ազգ. Պատրիարքարանի «Լրաբեր» երկլեզու տեղեկատուին 1998-ի կաշեկազմ հաւաքածոն է, որուն մէջ առատ նիւթեր կան Գազանճեան պատրիարքին վախճանումին ու Մեսրոպ սրբազանին տեղապահ եւ ապա պատրիարք ընտրութեան փոթորկալից անցուդարձերուն մասին, իսկ երրորդը՝ Շնորհք պատրիարքի գահակալութեան 25-ամեակին առիթով պատրաստուած կենսագրական պատկերազարդ յուշամատեանն է (1987), Ռ. Հատտէճեանի հեղինակութեամբ։

   Այս երեք գիրքերն ալ պատրիարք սրբազանը ինծի յանձնած էր մեր առաջին տեսակցութեան ընթացքին, 2000 թուականի աշնան, Գնալը կղզիին մէջ։

   Յստակօրէն կը յիշեմ, որ առաջին երկու գիրքերը տուած էր արդէն ինծի, յետոյ առաջարկած՝ որ միասին (Ռ.Հատտէճեանի ալ ուղեկցութեամբ) շրջագայինք Կազդուրման Կայանին ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շուրջբոլորը, ուր, այդ օրերուն բերուած ու դիզուած էին պատրիարքարանի հազարաւոր գիրքերը՝ դասաւորուելու ու ցանկագրուելու համար։ Հո՛ն է որ նշմարեցի Շնորհք պատրիարքի յուշամատեանը։ Երկու օրինակներ՝ վրայ-վրայի։

   Կրնայի՞ օրինակ մը ունենալ անկէ…։

   Հատտէճեան ու Մեսրոպ պատրիարք մէկզմէկու դէմքին նայեցան յուսակտուր։ Այդ յուշամատեանը շատո՜նց սպառած էր ամբողջովին ու անկարելի էր անկէ օրինակ մ’իսկ գտնել։ Չկար։

   Սակայն Մեսրոպ պատրիարք, անմոռանալիօրէն հիւրամեծար ու ծառայակամ շարժումով մը, անմիջապէս վերցուց յուշամատեանին իրարու վրայ դրուած 2 հազուագիւտ օրինակներէն մին, իր գեղեցիկ ձեռագրով մակագրեց զայն իմ անունին ու յանձնեց ինծի…։

   Հիմա, մասունք մըն է այդ գիրքը իմ գրադարանին մէջ։

   ԿՈՆԴԱԿ, ՇՔԱՆՇԱՆ ԵՒ ՈՒՐԻՇ ԲԱՆԵՐ

   2001-ի աշնան, նախորդ տարուան իմ առաջին այցելութենէն ճիշդ տարի մը ետք, դա՛րձեալ Պոլիս էի։

   Քաղաքն ու իր հայ բնակիչները այնքա՜ն գրաւեր էին զիս՝ որ փափաքեր էի կրկին հոն այցելել։ Տարեկան արձակուրդի համար ուրիշ հասցէ մը չէի փնտռած։ Կար միայն ու միայն Պոլիսը։ Անիկա կատարելապէս տիրապետեր էր իմ սրտին ու մտքին։ Առինքներ էր զիս։

   Բայց այս այցելութեան ընթացքին ծանր պարտականութիւն մը դրեր էին իմ ուսին։ Ծանր, բայց քաղցր պարտականութիւն մը։

   Արդարեւ, Պոլսոյ Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը որոշեր էր յոբելենական հանդէսով մը մեծարել պոլսաբնակ երեք համբաւաւոր գրողներ, անոնց ծննդեան 75-ամեակին առիթով։ Այդ երեք տարեկից գրագէտներն էին Ռ. Հատտէճեան, Զարեհ Խրախունի եւ տոքթ. Վարդ Շիկահեր։ Երեքն ալ՝ ինծի մօտիկ ու սիրելի բարեկամներ։

   Միութիւնը իր այս գրական հանդէսը պիտի սարքէր Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի նշումներուն ծիրէն ներս։ Յոբելեար երեք գրողներն ալ Մխիթարեան վարժարանի շրջանաւարտներ էին, երեքն ալ՝ 1926-ի ծնունդ։

   Արդ, Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը առաջարկեր էր, որ ե՛ս ըլլայի օրուան գլխաւոր բանախօսը։

   Երբ Պոլիս հասայ, շուտով իրազեկ եղայ այն տենդագին աշխատանքներուն, որոնց լծուած էին Մխիթարեանցիները, լաւագոյն ձեւով պատուելու համար վաստակաւոր մեծարեալները։

   Ձեռնարկէն երեք օր առաջ, յետմիջօրէի ժամու մը, հեռաձայնը հնչեց «Մարմարա»ի խմբագրատան մէջ, ուր կը գտնուէի այդ պահուն եւ ուր կ’անցընէի իմ գրեթէ բոլոր ժամերը։ Մեսրոպ պատրիարքն էր հեռաձայնողը։ Ան զիս կը փնտռէր, իմ հետ խօսիլ կ’ուզէր առանձնակի։

   Ի՞նչ պատահեր էր արդեօք։ Պատրիարք Հայրը ինչո՞ւ զիս փնտռէր։

   Հարցը պարզուեցաւ շուտով։ Մեսրոպ պատրիարք նախ կը խնդրէր ինձմէ, որ մեր հեռաձայնային այս խօսակցութիւնը գաղտնի մնար։ Յետոյ կը յայտնէր, թէ 3 գրողներու 75-ամեակին յոբելեանին առիթով կը փափաքէր անակնկալ մը ընել անոնց՝ զիրենք պարգեւատրելով Ազգ. Պատրիարքարանի  Պատուոյ Ա. Կարգի շքանշանով։ Նոյն շքանշանով կ’ուզէր պատուել նաեւ բանաստեղծ Զահրատը, որ թէեւ երկու տարի աւելի մեծ էր իր միւս երեք գրչեղբայրներէն, բայց անոնց անմիջական գործակիցն էր, սերնդակիցն էր։ Ուրեմն, չորս գրողներ պիտի պատուուէին միաժամանակ։ Պատրիարք Հայրը կ’իմացնէր ինծի նաեւ, թէ շքանշաններու տուչութիւնը պիտի կատարուէր մեծարանքի յոբելենական հանդէսէն օր մը առաջ, եկեղեցական արարողութեան մը ընթացքին։

   Սակայն, այս բոլորին մէջ, կար անմիջականօրէն լուծելի խնդիր մը.- այդ շքանշաններուն պէտք է ընկերանային համապատասխան կոնդակներ, ըստ մեր եկեղեցական աւանդութիւններուն եւ արարողակարգին։ Ուրեմն, չորս անջատ կոնդակներ պէտք է հասցէագրուէին չորս գրողներուն, իւրաքանչիւր կոնդակի մէջ բնութագրելով ենթակային գրական վաստակն ու դիմագծութիւնը։

   Արդ, պատրիարք սրբազանը կը խնդրէր ինձմէ՝ օժանդակել իրեն, կոնդակներու գրառման ու խմբագրումի աշխատանքներուն մէջ։ Կ’աւելցնէր, թէ շատ արագ պէտք է շարժէինք, կոնդակները պատրաստ պէտք է ըլլային 24 ժամ ետք…։

   24 ժամ…։ Հարկ էր աշխատիլ «կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս»…

   Այդպէս ալ եղաւ։ Չորս կոնդակները գրուեցան, դրոշմուեցան Պատրիարքարանի կնիքով ու պատրիարք սրբազանին ստորագրութեամբ, տպուեցան գեղազարդ ոլորուն թուղթերու վրայ՝ 24 ժամուան ընթացքին։ Իր տեսակին մէջ՝ մրցանիշ մըն էր ասիկա։

   Երկու օր ետք, Շաբաթ առտու, 1 Դեկտեմբեր 2001-ին, Թադէոս-Բարթողիմէոսի տօնին օրը, Պոլսոյ արուարձանային հեռաւոր թաղերէն Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցին լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ։ Հո՛ս է որ պիտի կատարուէր մտաւորականներուն պարգեւատրումը, յընթացս Ս. Պատարագի։ Մեսրոպ պատրիարք ի՛նք էր պատարագիչը։ Բոլորս ալ կ’ապրէինք պատմական ու անմոռանալի պահ մը, երբ եկեղեցւոյ բեմէն հանդիսաւոր կերպով մի առ մի կը կարդացուէին 4 կոնդակները, ապա պատրիարք սրբազանը իր մօտ կանչելով մեծարեալները՝ անոնց լամբակին կ’անցընէր թանկարժէք շքանշաններ…։

   Մինչ կը կարդացուէին կոնդակները հերթաբար, ես, եկեղեցւոյ առաջին կարգերուն վրայ կանգնած՝ շարունակ կը նշմարէի որ Մեսրոպ պատրիարքին աչքերը կը հանդիպէին իմ աչքերուն…։ Ան իր պարթեւ հասակով՝ խորանին առջեւ կանգնած, դէմքը՝ ժողովուրդին, մերթ ընդ մերթ ինծի կը նայէր ու գլխու հաստատական թեթեւ շարժումով մը կամ նշանակալից մեղմ ժպիտով մը իր գոհունակութիւնը կ’ուզէր յայտնել…։

   Յաջորդ օր, Կիրակի, Մխիթարեան Սանուց Միութեան սրահին մէջ տեղի կ’ունենար մեծարեալ գրողներուն յոբելեանը։ Սրահին մէջ «ասեղ ձգելիք տեղ չկար»։ Իմ բանախօսութենէն զատ՝ մի առ մի սրտի խօսք կ’արտասանէին երեք յոբելեար գրողները։ Անոնց մասին սրտախօսիկ ելոյթ մը կ’ունենար նաեւ բանաստեղծ Զահրատ։ Մեծարեալներուն գրական վաստակին կ’անդրադառնար Մաքրուհի Յակոբեանն ալ։ Կ’ասմունքէր Սիլվա Կոմիկեան։ Իսկ Մեսրոպ պատրիարք, որ կը նախագահէր հանդէսին, իր հուսկ բանքին մէջ յուզումով նկատել կու տար, թէ ինքզինք կը սեպէր չորս մեծարեալ գրողներուն որդին, որովհետեւ անոնք արդէն գրել սկսած էին՝ երբ ինք տակաւին աշխարհ եկած չէր…։

   «Մարմարա» յաջորդ օրուան իր ծաւալուն թղթակցութեան մէջ կը յիշեցնէր որ «երկուքուկէս ժամ տեւողութեամբ այս հանդիսութիւնը մեզ ետ կը տանէր դէպի մօտիկ անցեալի գրական այն անմոռանալի երեկոյթները, որոնք կը սարքուէին խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան։ Գրական արժէքներու նկատմամբ այսօր ցուցաբերուած անտարբերութեան մէջ՝ երէկ գիշերուան հաւաքոյթը իսկապէս անցեալէն գողցուած ձեռնարկ մըն էր, որ վերստին պատուանդանի վրայ կը դնէր գրական խօսքն ու շնորհը եւ ի վերջոյ մխիթարութիւն կը դառնար տակաւին մեր գիրն ու մայրենին սիրող հարիւրաւորներու համար»։

 

(Շարունակելի – 6)
Լեւոն Շառոյեան