«Արմէնփրէս».- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6-7 Յունիսին Սանկտ Փեթերսպուրկ կը գտնուի աշխատանքային այցելութեամբ, ուր պիտի մասնակցի Սանկտ Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովին եւ ելոյթով հանդէս պիտի գայ: Այցելութեան ընթացքին վարչապետ Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ տարբեր երկիրներու ղեկավարներու, կառավարութիւններու ներկայացուցիչներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ: Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ Սանկռ Փեթերսպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ապա մամլոյ ասուլիսով հանդէս պիտի գայ: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեան, ՀՀ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Արսէն Գասպարեան եւ այլ պաշտօնատար անձինք:
Ռուսաստանի Դաշնութեան Սանկտ Փեթերսպուրկ քաղաքին «Կոնստանտինեան» պալատէն ներս ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը տեղի ունեցաւ 6 Յունիս 2019-ին։
Հանդիպման սկիզբը տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու առաջնորդներուն ձեռքսեղմումի եւ արարողակարգային լուսանկարահանման արարողութիւնը։
Ապա երկու նախագահները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին տեղի ունենալիք տնտեսական համաժողովին առիթով գործընկերներու հանդիպումին համար:
7 Յունիս 2019-ին Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը մանրամասնօրէն չեն քննարկած:
Ան յայտնած է.«ԼՂ հակամարտութիւնը մանրամասնօրէն չէ քննարկուած: Երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան տարբեր տեսակէտներու մասին առարկայական զրոյց տեղի ունեցած է»:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Վլատիմիր Կարապետեան երէկ նոյնպէս նշած է, որ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ մանրամասն քննարկում չէ եղած, պարզապէս յիշուած է, որ այս հարցին պարագային կայ ընդհանուր ըմբռնում»:
Ուշագրաւ է, որ ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները, մասնաւորապէս` Minval.az-ը եւ Haqqin.az-ը, խեղաթիւրած են Փեսքովի խօսքերը` հանելով «մանրամասնօրէն» բառը եւ գրելով, թէ Փեսքով հերքած է Կարապետեանին ըսածները: