ՀԱՅԿԱԿԱՆ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ CONIFA-2019 ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան մարզադաշտին մէջ, 1 Յունիսին տեղի ունեցաւ Ֆութպոլի Անկախ Միութիւններու Ընկերակցութեան (ConiFA-2019) Եւրոպայի ախոյեանութեան հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը. ախոյեանութեան կարգախօսն է «Բաց Դռներ, Ամուր Դարպասներ»:
Ըստ «Արցախփրէս»ի, բացման արարողութեան հրամցուեցաւ երաժշտական համադրութիւն մը, որուն միահիւսուած ներկայացուեցաւ Արցախի մշակոյթը իր ամբողջ ներկապնակով՝ հորովել, փողային եւ հարուածային գործիքներ, թմբկահարներ, երգի եւ պարի համոյթներ, մանկական երգչախումբ, տարազներու ցուցադրութիւն եւ այլն:
Ախոյեանութեան մասնակցող Աբխազիոյ, Արցախի, Արեւմտեան Հայաստանի, Հարաւային Օսեթիոյ, Չամերիայի, Սափմիի, Աեքէլի Լանտի եւ Փատանիայի մարզիկները յաջորդաբար մտան մարզադաշտ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան՝ դիտել տալով, որ Արցախի մէջ այսօր տեղի կ’ունենայ նշանակալի իրադարձութիւն մը:
«Արցախ ժամանած են աշխարհի զանազան երկիրներէ բազմաթիւ հիւրեր, որոնց շարքին նաեւ՝ պետական այրեր: Կ’ուզեմ ողջունել եղբայրական Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան նախագահ Անաթոլի Փիփլովի, ConiFA-ի նախագահ Փեր Անտրես-Փլինթի, «Ֆութպոլի Անկախ Ընկերակցութիւններու Եւրոպայի Միութեան» նախագահ Ալպերթօ Ռիքէոյի։ Մեզի համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել ձեզ Արցախի հողին վրայ: Նման մարզական միջազգային միջոցառում մեր երկրին մէջ տեղի կ’ունենայ առաջին անգամ ըլլալով: Յոյս ունիմ, որ թէ՛ մարզիկները, թէ՛ ֆութպոլասէրները բաւականութիւն կը ստանան խաղերէն: Մարզանքը, յատկապէս ֆութպոլը, այն բացառիկ բնագաւառներէն է, որոնք պէտք է միաւորեն ժողովուրդները, ամրապնդեն անոնց միջեւ բարեկամութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը, նպաստեն կապերու հաստատման եւ այլն: Մարզանքը սահմաններ, սահմանափակումներ, խտրականութիւն եւ երկակի չափանիշներ չի ճանչնար: Անիկա խաղաղութեան խորհրդանիշ է, անոր որ պայքարը արդար է՝ կը յաղթէ …», ըսաւ նախագահ Սահակեան:
Հանդէս եկաւ նաեւ ConiFA-ի նախագահ Փեր Անտրես-Փլինթ, որ յայտնեց, թէ իրենց համար մեծ պատիւ է բոլորին հետ այսօր Արցախի մէջ ներկայացնել ConiFA-2019 Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:
«Այսօր, մենք կը ներկայացնենք տարբեր երկիրներ, որոնք ժառանգած են զանազան մշակոյթներ, անցած պատմական տարբեր ուղիներ, այդուհանդերձ այս ախոյեանութիւնը մեզ համախմբած է մէկ յարկի տակ՝ իբրեւ իւրայատուկ դեսպաններ հանդէս գալու եւ աշխարհին ներկայացնելու մեր ժողովուրդները, ցոյց տալու, որ, անկախ բոլոր հանգամանքներէն, անկախ մեր ծագումէն՝ մենք կրնանք ստեղծել բարեկամութիւն եւ կրնանք սերմանել փոխադարձ յարգանք: ConiFA-ն կը ձգտի հասնիլ խաղաղութեան, ըլլալ աւելի հանդուրժող, աւելի բարեհաճ աշխարհի հանդէպ…», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ արտերկրէն ժամանած լրագրողները խաղերը մեկնաբանելու պահուն անպայման կը կիսուին Արցախի մասին տպաւորութիւններով, որովհետեւ անիկա հիասքանչ է:
Համերգային ծրագիրի ընթացքին երգերով հանդէս եկան հայ եւ սպանացի կատարողներ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ եղան Արցախի առաջին տիկին Անահիտ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Անաթոլի Փիփիլով, պետական պաշտօնեաներ, շարք մը երկիրներէ ժամանած հիւրեր, լրագրողներ եւ ֆութպոլասէրներ:
Հանդիսաւոր բացումէն ետք տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԸ ԴԱՐՁԱՒ «ՉԵՄՓԻԸՆԶ-ԼԻԿ»Ի ԱԽՈՅԵԱՆ
Շաբաթ օր իր աւարտին հասան Եւրոպայի «Չեմփիընզ-Լիկ»ի 2018 – 2019 տարեշրջանի մրցումները, որոնց եզրափակիչ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտի «Վանթա Մեթրոփոլիթանօ» մարզադաշտին վրայ: Մրցումի կողմերն էին անգլիական զոյգ խումբերը՝ Լիվըրփուլն ու Թոթենհամը:
Հանդիպումը շատ հետաքրքրական սկիզբ ունեցաւ: Արդէն 2-րդ վայրկեանին, Կլոպի խաղցողները տուգանային հարուածի մը շնորհիւ նշանակեցին առաջին կոլը՝ Մուհամմէտ Սալահի հարուածով: Մրցումի մնացեալ ժամանակաշրջանին աստղ դարձաւ կարմիրներու պրազիլցի բերդապահ Ալիսընը, որ կրցաւ դարպասը փրկել բազմաթիւ վտանգաւոր գնդակներէ: 87-րդ վայրկեանին պելճիքացի խաղցող Օրիքին կրցաւ կրկնապատկել արդիւնքը եւ Լիվըրփուլը դարձնել Եւրոպայի ախոյեան: Աւելցնենք, որ ասիկա 6-րդ անգամն է, որ Լիվըրփուլ կը տիրանայ «Չեմպիընզ-լիկ»ի բաժակին:

ՉԵԼՍԻ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՏԻՐԱՑԱՒ «ԻՒՐՈՓԱ-ԼԻԿ»Ի ԲԱԺԱԿԻՆ
«Իւրոփա-Լիկ»ի եզրափակիչ խաղին Լոնտոնի Չելսին 4-1 արդիւնքով ջախջախեց Արսենալը եւ տիրացաւ ՈՒԵՖԱ-ի բաժակին: Պաքուի ողոմպիական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած հանդիպումի առաջին կէսը մնաց առանց կոլերու: Դադարէն ետք, Չելսիի խաղցողներ՝ Օլիվըր Ժիրուն, Փետրօն եւ Էտէն Ազարը յաջողեցան յաջորդաբար ցնցել Արսենալի դարպասը եւ շօշափելի առաւելութիւն ապահովել իրենց խումբին: Փոխով խաղցող Իվոփին կրցաւ իր նշանակած միակ կոլով նուազեցնել արդիւնքին տարբերութիւնը, բայց Էտէն Ազար շուտով նշանակեց իր երկրորդ կոլը եւ հաշիւը դարձուց 4-1: Աւելցնենք, որ սոյն մրցումին Արսենալի կազմէն բացակայեցաւ Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան, քանի որ հանդիպումը Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին՝ Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ:

ՅՍՏԱԿԱՑԱՆ «ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ»Ի ԽՄԲԱՅԻՆ ՓՈՒԼԻՆ 26 ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Շաբաթ օր յստակացան 2019 – 2020 տարեշրջանին եւրոպայի «Չեմ-փիընզ Լիկ»ի մասնակից 26 խումբերը, որոնք եղան հետեւեալները. Անգլիա, Մանչեսթըր Սիթի, Լիվըրփուլ, Չելսի, Թոթենհամ: Սպանիա, Պարսելոնա, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ռէալ Մատրիտ, Վալենսիա: Իտալիա, Ժուվենթուս, Նափոլի, Աթլանթա, Ինթըր: Գերմանիա, Պաւարիա, Պորուսիա Տորտմունթ, ՌԲ Լայպցիք, Պայրըն: Ֆրանսա, Փարիզ Սան Ժերման, Լիլ, Լիոն: Ռուսիա, Զէնիթ, Լոքոմոթիւ: Փորթուկալ, Պենֆիքա: Ուքրանիա, Շախտար: Պելճիքա, Քէնկ: Թուրքիա, Կալաթասարայ: Աւստրիա, Զալցպուրկ:

 

Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան