Դիւրին չէ զայն գտնելը, կրնայ ըլլալ, որ ձեր ժամացոյցին կամ ապարանջային տակ պահուըտած է, բայց ընկերային ցանցերը արդէն ողողուած են անոր հազարաւոր նկարներով։ Կիներ ու աղջիկներ դիմատետրի եւ այլ ընկերային ցանցերու միջոցաւ սկսած են տարածել դաստակին ճիշդ մէջտեղը գտնուող խալին նկարը եւ զայն կոչել «Նոյնանման Խալը»։
Սիրելի՛ իգական սեռի ընթերցող, դուն ալ ունի՞ս դաստակին մէջտեղի խալէն։ Չզարմանաս, բայց աշխարհի չորս կողմը տասնեակ հազարաւոր կիներ ու աղջիկներ նոյն տեղը, նոյն խալէն ունին։
Խալը կը կազմուի, երբ մաշկին վրայ որոշ տեղ մը մելանին կոչուող նիւթը կը հաւաքուի։ Մելանինը այն նիւթն է, որ մեր մորթին ու մազերուն գոյն կու տայ։ Խալերը կը յայտնուին ու աւելի մուգ երանգներ կը ստանան արեւու շողերուն ենթարկուելով։ Այս ձեւով ալ կը բացատրեն ոմանք, թէ ինչո՛ւ դաստակին վրայ խալ կ’երեւի։ Մեր մարմնին այդ բաժինը յաճախ կ’ենթարկուի արեւու շողին, նոյնիսկ եթէ երկար թեւով հագուստներ հագած ըլլանք։ Ժառանգականութիւնը նաեւ մեծ դեր կը խաղայ։ Նկատելի է, որ բաց գոյնի մաշկ ունեցողները աւելի կը հակին խալ ունենալու, իսկ ոմանք բնա՛ւ չեն ունենար, որքան ալ արեւուն ենթարկուին։
Վերադառնալով նոյնանման խալին, «The Sun» թերթը կը գրէ, որ կարգ մը կիներ ընկերային ցանցերու նկարներուն տակ մեկնաբանութիւններով արտայայտած են իրենց զարմանքը, թէ ինչպէ՛ս բոլորին մօտ ճիշդ նոյն տեղն է ան։ «Սարսափելի երեւոյթ է», մեկնաբանած է մէկը, իսկ ուրիշ մը՝ «Արդեօք ի՞նչ կը նշանակէ այս»։ Ոմանք հաստատած են, որ ոչ թէ մէկ՝ այլ երկու դաստակներուն վրայ ալ կը կրեն նոյն խալէն։ Կին մը հետեւեալ գրառումը կատարած է. «Սկիզբը մտածեցի, թէ անկարելի բան է, բայց երբ ապարանջաս, զոր միշտ կը կրեմ, վերցուցի՝ նկատեցի, որ ե՛ս ալ ունիմ… Աստուա՛ծ իմ»։ Ըստ «The Time» թերթին, առաջին գրառումը Twitter-ի մէջ մէկ շաբթուան մէջ ունեցած է աւելի քան տասներկու հազար մեկնաբանող, որոնք հաստատած են, որ իրենք ալ ունին նոյն խալէն։
Շաբթուան ամէնէն շատ քննարկուած նիւթերէն մէկը կը համարուի նոյնանման խալը։ Ես ալ ունիմ հատ մը՝ աջ դաստակիս։ Արդեօք մեր ընթերցողներէն քանի՞ն ունի դաստակի մէջտեղի խալ… մի՛ վարանիք դիմատետրի մեր էջին վրայ ձեր մեկնաբանութիւնը արձանագրելու։
Յուշիկ Ղազարեան