Ա.
Կամքը մարդուն մէջէն բխող դրական ուժ մըն է, որ մղում կու տայ մեզի, ապագային հասնելու մեր նպատակին:
Մարդ պէտք է նպատակ մը դնէ իր կեանքին եւ գիտնայ, թէ ինչու ինք աշխարհ եկած է եւ ինչ նոր բան կրնայ մէջտեղ բերել:
Կամքը կը զօրանայ, երբ մենք մեր միտքը կ’աշխատցնենք եւ մեր ամէն կարելին կ’ընենք մեր նպատակին ուղղութեամբ:
Կամքը կը տկարանայ, եթէ մարդ իր ժամանակը վատնէ ոչ-առողջ միջավայրի մէջ՝ վատ մարդոց ընկերակցի, միշտ ժխտականօրէն մտածէ, առաջին ձախողութենէն յուսահատի, յոյս չունենայ, որ ձախողութենէ ետք ալ կարելի է ոտքի կանգնիլ: Պէտք է գիտնալ, որ որեւէ ձախողութիւն ալ աշխարհի վերջը չէ: Իր սխալներէն սորվողը, նոյն սխալին մէջ անգամ մըն ալ չ’իյնար: Եթէ մարդ կ’ուզէ զօրաւոր կամք ունենալ՝ պէտք է հեռու մնայ բոլոր տեսակի մոլութիւններէն, որոնք մարմինը տկարացնելէ աւելի սխալ ձեւով մտածելու եւ կամքի տկարութեան պատճառ կը դառնան:
Ուրեմն, առողջ կամքը ամէնէն զօրաւոր եւ կարեւոր ուժն է մարդուն կեանքին մէջ: Կը մնայ որ մարդ նպատակ ունենայ, ինքնավստահ ըլլայ, մտածէ իր կամքը տեւաբար զօրացնելու մասին, անոր մղումով գործէ եւ միշտ ըսէ՝ «Այո՛, ես կրնամ»: Եւ ան անպայման կը հասնի իր նպատակին:
Սերոբ Բէնդէզեան
ԺԱ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
Բ.
Յաճախ մեծ հօրս հետ ժամանակ կ’անցընեմ: Ան ինծի կը պատմէ իր անձնական կեանքի փորձառութիւններուն մասին: Ամէնէն աւելի զիս հետաքրքրած է իր զօրաւոր կամքը, որմով ան կրցած է յաղթահարել շատ մը դժուարութիւններ: Անոր խօսքերը միշտ մտքիս մէջն են:  Ան կ’ըսէ. «Եթէ ուզես՝ կրնաս  ընել… կամքը կամենալ բառէն առաջ եկած է, եւ կամենալը մեր ձեռքն է… նպատակիդ կրնաս հասնիլ կամքի զօրութեամբ»:
Այս տարի, սերտեցինք Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերգութիւնը,  ծանօթացանք Վանահօր կերպարին:  Ան հզօր կամքի տէր,  կատարեալին ձգտող տիպար մըն է:  Անգամ մը եւս համոզուեցայ,  որ կամք չունեցողը թոյլ անձնաւորութիւն կ’ըլլայ,  իսկ զօրաւոր կամքի տէր մարդը չի յուսահատիր, միշտ կ’ընթանայ իր նպատակին ուղղութեամբ:
Մեծ հօրս ազդեցութիւնը մեծ է կեանքիս մէջ:  Եւ ես շատ շնորհակալ եմ անոր, որովհետեւ ան Վանահօր տիպարին պէս,  ինծի սորվեցուցած է կեանքի մեծ դաս մը՝ տեւաբար զօրացնել կամքս:
Վարդի Մալաթչալեան
ԺԱ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան