«Ապառաժ».-ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ԿԿ-ի  անդամ Վահրամ Բալայեան եւ ՀՅԴ-ի անդամ Արմէն Սարգսեան  8 Յունիսին հանդիպում  ունեցած են ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Յովսէփ Աւագեանին, «Արցախֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի Արցախ մասնաճիւղի տնօրէն Տրդատ Միրզոյեանին եւ Հադրութի շրջանի Առաջամուղ համայնքին մէջ կառուցուած մարզադաշտի հովանաւոր Արա Մելքոնեանին ու անոր հարազատներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հետագայ գործակցութեան առնչուող  շարք մը հարցեր: