Երկուշաթբի, 10 Յունիս 2019-ին, Սուրիոյ տարբեր նահանգներէն աւելի քան 300.000 աշակերտ-աշակերտուհիներ յանձնեցին 2018-2019 տարեշրջանի միջնակարգի 9-րդ կարգի (պրովէ) պետական առաջին քննութիւնը:
Իսկ Կիրակի, 9 Յունիս 2019-ին, աւելի քան 240.000 աշակերտ-աշակերտուհիներ 2066 կեդրոններու մէջ յանձնեցին երկրորդականի 12-րդ կարգի (պաքալորիա) գիտական եւ գրական բաժիններու առաջին քննութիւնը:
Նախօրօք, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտնած էր, որ պատկան մարմինները կարելի բոլոր միջոցները ի գործ դրած են քննութեանց ընթացքը բնականոն հունի մէջ պահելու եւ քննութեան բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու համար: