«Ասպարէզ».- Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութիւնը (SAS) կը տեղեկացնէ, որ իր հիմնադրութեան 45-ամեակին առիթով, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ հայկական Սփիւռքին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը պիտի կազմակերպէ 12-13 Հոկտեմբերին, որուն ընթացքին յատուկ մեծարանքի պիտի արժանանայ այդ մարզի մասնագէտ Խաչիկ Թէօլէօլեան։
Յիշեցնենք, որ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1974-ին, գործակցութեամբ խումբ մը հայագէտներու, որոնց կարգին էին՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Ռապըրթ Թամսըն, Նինա Կարսոյեան, Տիգրան Գույումճեան եւ Աւեստիս Սանճեան։
Գիտաժողովը կը համահովանաւորեն՝ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը, Հայագիտական Ուսմանց եւ Ուսումնասիրութեանց Ազգային Միութիւնը (NAASR) եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի եւ Ըրվայնի մասնաճիւղերուն, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի եւ Նորթրիճի մասնաճիւղերուն մէջ գործող հայագիտական ամպիոններն ու ծրագրերը։
Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան սփիւռքեան ուսմանց ոլորտի հիմնադիրներէն մէկն է եւ հիմնադիր խմբագիրը՝ հեղիանկաւոր «Diaspora» («Սփիւռք») պարբերաթերթին։ Ան նաեւ Հայկական Սփիւռքի ուսմանց հիմերը հաստատած է, առաջնորդողի դեր ստանձնելով Սփիւռքին նուիրուած ուսումնասիրութեանց մէջ։ Ան ներկայիս անգլերէնի եւ բաղդատական գրականութեան դասախօս է «Ուէսլիըն» համալսարանին մէջ։
«Գիտաժողովը իւրայատուկ առիթ մը պիտի հանդիսանայ մեծարելու արժէքաւոր հայ մտաւորական մը, միաժամանակ ի մի բերելու խումբ մը հեղինակաւոր մտաւորականներ, Հայկական Սփիւռքի բարդ կացութիւնը ուսումնասիրուելու համար», կը յայտնէ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան նախագահ փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան։
Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան եւ անոր անդամակցելու կարելիութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել societyforarmenianstudies.com կայքը: