«Արցախփրէս».-Արցախի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեան յայտնած է, որ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի կողմէն սահմանադրական փոփոխութիւններու համար ստեղծուած նախաձեռնող խումբին առաջարկը իրաւական լուրջ հարցեր կ՛ընդգրկէ:

Դանիէլեան ըսած է. «Իրաւունքի տեսակիւնէն անոնք կրնան հանդէս գալ իրենց փափաքած առաջարկով: Սահմանադրութիւնը նման կարելիութիւն կու տայ: Սակայն այն առաջարկը, որ նախաձեռնող խումբին կողմէն ներկայացուած է, լուրջ կասկածի տակ  կը դնէ սահմանադրական կարգի հիմքը հանդիսացող ինքնորոշման իրաւունքը, որուն հիման վրայ 2 Սեպտեմբեր 1991-ին ստեղծուած եւ  10 Դեկտեմբեր 1991-ին հանրաքուէով անկախ հռչակուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը»:

Նախարարին խօսքին համաձայն, հարցը նաեւ քաղաքական կողմ ունի: Մասնաւորապէս` նախորդ երեք տասնամեակներուն ընթացքին Արցախի մէջ  տեղի ունեցած են մօտաւորապէս 11 համապետական ընտրութիւններ, որոնց մասնակցած են միայն Արցախի մէջ հաշուառում ունեցող քաղաքացիները: «Մենք միջազգային հանրութեան ցոյց կու տանք, որ մեր ինքնորոշման իրաւունքը կ’իւրացնենք միջազգային բոլոր ձեւաչափերն ու հռչակագրերը յարգելով: Իսկ այս պարագային հակառակը կը հասկցուի, եւ հիմնական մտավախութիւնը Արցախի անկախութիւնը կասկածի տակ դնելն է, որուն  հետեւանքները բացասական լուրջ ազդեցութիւն պիտի ունենան  բանակցային գործընթացին վրայ: Մեր հասարակութիւնը պարտաւոր է իմանալ այս վտանգներուն մասին եւ աւելի խոհեմ որոշում առնել», ըսած է արդարադատութեան նախարարը` աւելցնելով, որ սկսուած ստորագրահաւաքը տակաւին գործընթացին առաջին քայլն է, եւ, յաղթահարելու պարագային, պէտք է քննարկուի Խորհրդարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Գերագոյն Դատարանի իրաւական վաւերացումը ստանայ:

Յիշեցնենք, որ Սամուէլ Բաբայեանի կողմնակիցները կ’առաջարկեն Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 48-րդ յօդուածին 2-րդ մասին՝ «վերջին տասը տարին միայն Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող»«վերջին տասը տարին Արցախի Հանրապետութեան մէջ մշտապէս բնակող» բառերը փոխարինել համապատասխանաբար «վերջին տասը տարին Արցախի Հանրապետութեան մէջ եւկամ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող», «վերջին երեք տարին Արցախի Հանրապետութեան մէջ եւ, կամ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մշտապէս բնակող» բառերով եւ շարադրել հետեւեալ խմբագրութեամբ. «2. Հանրապետութեան Նախագահ կրնայ ընտրուիլ 35 տարին ամբողջացուցածվերջին տասը տարին Արցախի Հանրապետութեան եւկամ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացողվերջին երեք տարին Արցախի Հանրապետութեան մէջ եւ, կամ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մշտապէս բնակող, ընտրական իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր անձ»:

Իսկ Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 48-րդ յօդուածի 3-րդ մասին մէջ կ’առաջարկուի՝ «վերջին հինգ տարին միայն Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող»«վերջին հինգ տարին Արցախի Հանրապետութեան մէջ մշտապէս բնակող» բառերը փոխարինել համապատասխանաբար «վերջին հինգ տարին Արցախի Հանրապետութեան եւկամ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող», «վերջին երեք տարին Արցախի Հանրապետութեան  եւ, կամ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մշտապէս բնակող» բառերով եւ շարադրել հետեւեալ խմբագրութեամբ. «3.Ազգային ժողովի պատգամաւոր կրնայ  ընտրուիլ 25 տարին ամբողջացուցածվերջին հինգ տարին Արցախի Հանրապետութեան եւկամ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացողվերջին երեք տարին Արցախի Հանրապետութեան եւ, կամ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մշտապէս բնակող, ընտրական իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր անձ»: