«Ակունք».-Ներկայ Թուրքիոյ Մերսին նահանգի Չամլըեայլա գաւառին մէջ աւերակ վիճակի մէջ գտնուող Կիլիկիոյ հայկական Օշին դղեակը (թրք. անուանումը` Սինապի ամրոց) վերականգնումի կարիք ունի:

Սոյն հայկական միջնադարեան դղեակը 10-րդ եւ 11-րդ դարերուն հայերու կողմէ գործածուած է պաշտպանական նպատակներով, սակայն այժմ աւերուած վիճակի մէջ է: Տեղւոյն բնակիչները ահազանգած են ըսելով, որ դղեակը կրնայ շուտով ամբողջութեամբ փլիլ:

Թուրքիոյ քաղաքացիները կը պահանջեն վերականգնել զայն` զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով: Այսպէս, Անգարայէն Ատանա այցելած Իզզէթ Քէօքէն ըսած է. «Ամրոցը ողբալի վիճակի մէջ կը գտնուի: Երեխաներս փափաքեցան տեսնել զայն, բերի, բայց լրիւ քանդուած է: Կը վախնամ ներս մտնելէ: Մտավախութիւն ունիմ, որ երեխաներուս վրայ քար կ’իյնայ»:

Ընտանեօք ամրոցը տեսնելու եկած Սիւլէյման Քարապելէն ալ պահանջած է, որ վերանորոգման աշխատանքները կարելի եղածին չափ շուտ սկսին: