«Երկիր».- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան (Ալանիա) նախագահ Անաթոլի Պիպիլով ընդունած է երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ` «Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեան, Արտաքին Յարաբերութիւններու Մնայուն Յանձնախումբի անդամ Էրիկ Յարութիւնեան եւ արտաքին գործոց նախարարի գլխաւոր քարտուղար-աշխատակազմի ղեկավար Սեմիոն Աֆիեան:

Ողջունելով հիւրերը` Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան  նախագահը ըսած է, որ ամէն ինչ կատարուած է, որպէսզի հանրապետութեան մէջ ընտրարշաւը հանգիստ մթնոլորտի մէջ ընթանայ, եւ մարդոց իրենց ընտրութեան արժանի քաղաքական ուժին քուէարկելու առիթ տրուի:

Նախագահը վերջերս Անկախ ֆութպոլային ընկերակցութիւններու դաշնակցութեան Եւրոպայի առաջնութեան բացման արարողութեան շրջագիծին մէջ Արցախ կատարած այցելութեան ալ անդրադարձած է:

Արցախի պատուիրակութեան անդամները բարձրօրէն գնահատած են ընտրատեղամասերուն մէջ բնակչութեան դրական տրամադրուածութիւնը՝ կարեւոր համարելով խորհրդանշական այդ օրը եղբայրական ժողովուրդին կողքին գտնուելու հանգամանքը:

Երեկոյեան Արցախի պատուիրակութիւնը նախագահ Պիպիլովին հետ դիտած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած` «ՔՈՆԻՖԱ-2019» Եւրոպայի ախոյեանութեան եզրափակիչ Արեւմտեան Հայաստան – Հարաւային Օսեթիա խաղը: