ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի խորհրդարանը 11 Յունիսին, գրեթէ միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ նախագահին կողմէ այս տարուան 24 Ապրիլի յատարարութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը «պատերազմի զոհեր» որակելու արարքը, միեւնոյն ատեն պարտք կը դնէ Հոլանտայի կառավարութեան վրայ, որ այդ դիրքորոշումին մասին տեղեկացնէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները:

«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրելով՝ Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան հետեւեալը կ՛ըսէ. «Յատուկ շնորհակալութիւն՝ բանաձեւը նախաձեռնած քաղաքական տարբեր ուժեր ներկայացնող պատգամաւորներուն եւ «Աբովեան» միութեան անդամներ Ինգէ Դրոստին եւ Մաթօ Հախվերտեանին՝ իրենց արգասաբեր ջանքերուն համար»:

24 Ապրիլին, Էրտողան նամակ յղած էր Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանին, որուն մէջ դարձեալ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակ հայերը համարած է «Համաշխարհային Ա. Պատերազմի զոհեր» ուրանալով Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։

Էրտողան հետագային յայտարարած էր նաեւ, որ այդ ժամանակահատուածին շատ ուրիշներ զոհուած էին, ներառեալ անոնք, որոնք սպանուած էին «հայկական հրոսակախումբերու եւ զինուած խմբաւորումներու» հրահրած անկարգութիւններուն իբրեւ հետեւանք: