«Արցախփրէս».-Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, 11 Յունիսին, ընդունեց Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի «Heritage Club» ուսանողական ակումբի անդամները՝ համալսարանի ուսանողական գրասենեակի տնօրէն Ռազմիկ Գաբրիէլեանի գլխաւորութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ողջունելով պատուիրակութեան անդամները՝ Մասիս Մայիլեան գոհունակութիւն յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայկազեան համալսարանի միջեւ 2018-ին հաստատուած եւ լաւ կերպով զարգացած գործակցութեան համար: Նախարարը շեշտած է փոխշահաւէտ գործակցութեան պահպանման եւ անոր հետագայ խորացման կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Մայիլեան պատասխանեց ուսանողներու հարցումներուն, որոնք կ’առնչուէին հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցերու առաջմղման  մէջ Սփիւռքի դերին:

Հայկազեան համալսարանի ուսանողները Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գրադարանին նուիրեցին պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան գիրքեր:

Հայկազեանի ուսանողները մէկ օր առաջ, Երկուշաբթի, 10 Յունիսին, հիւրընկալուած էին Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի կողմէ: