«Հայերն Այսօր».-ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անտոնիօ Գուտերեշ Մովսէս Աբէլեանը նշանակած է գլխաւոր ժողովի եւ բանակցութեան կառավարման հարցերու գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ:

ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը  կը տեղեկացնէ, որ Մովսէս Աբէլեան կը փոխարինէ Քեթրին Փոլարտին, որ նշանակուած է կառավարման ռազմավարութեան, քաղաքականութեան հարցերու գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի պաշտօնին:

Մովսէս Աբէլեան  2016 թուականին նշանակուած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի եւ բանակցութեան կառավարման հարցերու Գլխաւոր քարտուղարի գլխաւոր քարտուղարի փոխտեղակալ: Մինչ այս պաշտօնը ստանձնելը, ան  ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հարցերու բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը վարած է:

Մովսէս Աբէլեան ունի խաղաղութեան, անվտանգութեան, հակամարտութիւններու կարգաւորման բնագաւառներէն ներս գործունէութեան 25-ամեայ փորձառութիւն, ղեկավարած է Գլխաւոր ժողովի, Անվտանգութեան խորհուրդի եւ ծրագրերու ու հիմնադրամներու Գործադիր խորհուրդներու  շարք մը գործընթացներ:

Մովսէս Աբէլեան նաեւ ունի կառավարման ոլորտէն ներս մեծ փորձառութիւն, ներառեալ ծրագրերու եւ պիւտճէի ծրագրաւորում: Նախապէս ստանձնած է Գլխաւոր ժողովի Վարչական ու պիւտճէտային հարցերու կոմիտէի (5-րդ կոմիտէ) եւ Ծրագրերու ու համակարգման հարցերու կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնները:

1998-2003-ին ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ եղած է, իսկ մինչ օրս` մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ: Մինչ դիւանագիտական ծառայութեան անցնիլը, Մովսէս Աբէլեան դասախօսած է Երեւանի պետական համալսարանէն ներս:

Մովսէս Աբէլեան իր կրթութիւնը ստացած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի մէջ: Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ: