Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.Վարչութեան ներկայացուցիչները Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ դիմաւորեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի ընտրեալ Առաջնորդ` Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեանը, իսկ Չորեքշաբթի օր Առաջնորդին հետ միասին ուղեւորուեցան դէպի Սուրիա:
Սուրիական սահմանին վրայ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը դիմաւորուեցաւ թեմի Գործադիր Իշխանութեան` Ազգ. Կրօնական Ժողովին եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, իսկ Հալէպի մուտքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ տիար Հրաչ Յակոբեանի, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ տիար Կարօ Իւզպաշեանի եւ Ազգ. Իշխանութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Նորընտիր Առաջնորդը այնուհետեւ ժամանեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր ծափողջոյններով, եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջներով, ՀՄԸՄի եւ ՀՄՄ-ի փողերախումբերուն հնչեցուցած երգերով դիմաւորուեցաւ ազգային մարմիններու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, Հայ Աւետարանական եւ Կաթողիկէ համանքապետներու ներկայացուցիչներուն, քրիստոնեայ համայնքապետներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:
Եկեղեցւոյ մէջ, Կանոնական աղօթքէն ետք բացման խօսք արտասանեց Արժանապատիւ Տէր Յուսիկ Աւագ Քահանայ Սեդրաքեան, ապա Առաջնորդական Ասան յանձնեց Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեանին, անոր մաղթելով ծաղկեալ գործունէութիւն Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս:
Բարի գալուստի արաբերէն խօսքով, Արժանապատիւ Տէր Խորէն Քահանայ Պէրթիզլեան նորընտիր Առաջնորդը ներկայացուց ժողովուրդին:
Ապա Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Աւագ Քահանայ Արապաթլեան հայերէնով ընթերցեց Առաջնորդին կենսագրութիւնը:
Այս առիթով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը իր անդրանիկ պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին:
Գերշ. Տէր Մասիս դիտել տուաւ, որ Լիբանանի սահմանէն Սուրիական Հայրենիք մտած պահուն, ամէնուրեք բարձրացած էր սուրիական դրօշը, տարածուած էր սուրիական բանակը եւ Հայոց Առաջնորդը կը դիմաւորուէր մեծ յարգանքով: «Այս բոլորին ի տես գօտեպնդուեցայ` սիրով ծառայելու Սուրիական այն Հայրենիքին, որուն ժողովուրդը ձեռք երկարեց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան: Այստեղ հայ ժողովուրդը վերակառուցեց իր տունը, գործարանը, բնակարանը ու հիմնեց միութիւններն ու դպրոցները, դարձաւ պարկեշտ քաղաքացի, աշխատեցաւ եւ սատարեց Սուրիական Հայրենիքի ծաղկումին», ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա բարձրօրէն գնահատեց Սուրիոյ իմաստուն նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատը, որ նախագահական պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր երիտասարդական շունչով կ՛ոգեւորէ ժողովուրդը եւ սէր ու յարգանք կը տածէ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս հայ համայնքին հանդէպ:
Գերշ. Տէր Մասիս Զօպուեան շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց նախ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ապա թեմիս Երեսփոխանական ժողովին, որոնք խոնարհ եւ համեստ իր անձը արժանի նկատեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի պատմական գահին բարձրանալու: Ապա եղբայրական ջերմ սիրով յիշեց թեմիս նախկին Առաջնորդ Գերշ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանը, որ սրտբացօրէն ծառայեց իր հօտին`միշտ մնալով անոր կողքին:
Սրբազան Հայրը ողջունեց Ազգ. Իշխանութիւնը եւ անոր հովանիին տակ գործող բոլոր մարմինները, ողջունեց մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները անխտիր, յատկապէս նահատակներուն ծնողները` իր զօրակցութիւնը յայտնելով անոնց: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց զինք դիմաւորելու եկած ժողովուրդին:
Գերշ. Տէր Մասիս Զօպուեան իր պատգամը եզրափակեց խօսելով յոյսի մասին, Աւետարանէն մէջբերելով Տիբերիոյ լիճին եզերքը հրաշալի ձկնորսութեան այն դէպքը, երբ Քրիստոս յարութենէն ետք աշակերտներուն երեւցաւ եւ հրաշք մը գործելով թելադրեց ամէն պարագաներու տակ ապաւինիլ Տիրոջ եւ չյուսահատիլ:
Եզրափակելով Տէր Մասիս ըսաւ. «Միասնաբար պիտի աշխատինք դարձեալ ծաղկեցնելու այս գաղութը եւ թեմը, յոյսով առաջնորդուելու, աղօթքով գօտեպնդուելու եւ լուսաւոր աչքերով նայելու մեր ապագային»:
Արարողութիւնը աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերքով:
Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդը Ազգ. Երեսփոխանական ժողովին եւ Ազգ. Վարչութեան հետ միասին շնորհաւորութիւններ ընդունեց: