Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն կը գուժէ «Ազատ Օր» օրաթերթի բազմամեայ եւ վաստակաւոր խմբագիր, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի նախկին անդամ եւ կուսակցական երկարամեայ գործիչ՝ ընկ. Յովսէփ Պարազեանի մահը, որ պատահեցաւ այսօր, Հինգշաբթի՝ 13 Յունիս 2019ին։

ՀՅԴ մամլոյ դիւանը ցաւակցութիւն կը յայտնէ ընկեր Յովսէփ Պարազեանի մահուան առիթով: