«Երկիր».-Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտած է Հոլանտայի կառավարութեան կողմէ ընդունուած այն որոշումը, որ կը դատապարտէ վերջերս Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին յայտարարութիւնը:

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ գրուած է. «Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու պալատի յայտարարութիւնը զրպարտութիւն է: Որոշումը հակաթրքական ներկայացուցիչներու կողմէ ընդունուած է»: Ըստ խորհրդարանականներուն, նախաձեռնութիւնը խիստ բացասաբար կ’անդրադառնայ Թուրքիոյ ու Հոլանտայի հետագայ յարաբերութիւններուն վրայ: