Կիպրոս այցելութեան շրջագիծին մէջ, 11 Յունիսին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի պետական-կուսակցական ներկայացուցիչներուն հետ:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի խորհրդարանի նախկին նախագահ, նորաստեղծ ՏԵՓԱ կուսակցութեան նախագահ Մարիոս Կարոյեանի հետ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՏԵՓԱ-ի անդամ Հրաչ Գազանճեանն ու ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի անդամներ Րաֆֆի Մահտեսեան եւ Նարեկ Դաւիթեան:
Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելած է Նիկոսիոյ մէջ գործող «Նարեկ» վարժարան, հանդիպում ունեցած վարժարանի տնօրէն Վերա Մկրտչեան-Թահմազեանին եւ վարժարանի յանձնախումբի անդամներուն հետ:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին ընկերակցած է ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի անդամ Սիմոն Այնէճեան: