Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2019-ին կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարան այցելեց ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Կիպրոսի ՀՅԴ Կոմիտէութեան անդամներ Տիարք՝ Ռաֆֆի Մահտեսեանին եւ Նարեկ Դաւիթեանին: Անոնք դիմաւորուեցան Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի կողմէ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին առ հասարակ արծարծուեցան Կիպրահայ գաղութը, Միջին Արեւելքն ու յատկապէս Հայաստանը ե՛ւ հայութիւնը յուզող ընդհանրական ու մասնաւոր հարցեր: Անոնք անդրադարձան նաեւ Ազգային Առաջնորդարանին եւ Կոմիտէութեան տարած ու տարուելիք ապագայ աշխատանքներուն զանազան բնագաւառներէն ներս:
Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հանդիպման համար եւ մասնաւոր գնահատանքն ու քաջալերանքը փոխանցեց Բիւրոյի նորընտիր Ներկայացուցիչին ցարդ կատարած այցելութիւններուն եւ կատարած աշխատանքներուն համար:

12 Յունիս 2019
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի