Կիրակի, 9 Յունիս 2019-ին, հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան ղեկավար Ռաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան 3-րդ տարելիցին առիթով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Արարողութեան ներկայ էին Պչաքճեանի ընտանիքը, հարազատները, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներ եւ գաղափարակից ընկերներ:
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, ցաւակցութիւնները ընդունուեցան «Ռաֆֆի Պչաքճեան» երիտասարդական նորակառոյց սրահին մէջ:
Այս առիթով խօսք առաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան, յայտնելով, որ Պչաքճեանի դիմաքանդակը զետեղուած իր նահատակուած վայրին՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, եւ անոր դիմաց մոմեր վարող աշակերտներուն ու երիտասարդներուն ներկայութիւնը կը վկայեն, որ Ռաֆֆի Պչաքճեան անմահացած է, անոր օրինակով դաստիարակուած են սերունդներ, որոնք նոյն հաւատքով ու տեսլականով պիտի գործեն:
Այնուհետեւ Տէր Մաշտոց Աւագ Քահանայ Արապաթլեան դիտել տուաւ, որ նահատակներուն հոգիները կը հանգստանան, երբ անոնցմէ մեզի մնացած կտակը իրականացման ընթացքի մէջ կ’ըլլայ: Տէր Մաշտոց մարդիկը նմանցուց ձուկերու եւ ըսաւ. «Ձուկեր կան, որոնք ծովուն խորքը կը լողան անձայն, մութին մէջ: Ձուկեր կան, որոնք հոսանքին հետ կը քալեն: Ձուկեր ալ կան, որոնք միշտ հոսանքին դէմ կը քալեն, ինչպէս՝ իշխանաձուկը: Վերջինին կեանքը կարճ կ’ըլլայ: Մեր նահատակներուն ալ կեանքը կարճ կ’ըլլայ, որովհետեւ անոնք եւս կը պայքարին հոսանքին դէմ՝ յանուն իրենց ազգային նպատակներու իրականացման»:
Յիշենք, որ նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ հալէպահայ նահատակներ՝ Միսաք Պօշկէզէնեանի, Յարութ Պալապանեանի, Սահակ Նալպանտեանի, Գասպար Շաթոյեանի, Մովսէս Մովսէսեանի եւ Վրէժ Ճապաղջուրեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը: