ՀՀ Մարդասիրական խումբը աւելի քան չորս ամիս տեւող իր առաքելութեամբ ծառայեց Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի ժողովուրդին: Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան աշխատանքային ոլորտին եւ տարողութեան ծանօթանալու համար «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի եւ ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի ղեկավար գնդապետ Արկատի Տօնոյեանի հետ:
ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, խօսելով հիւպատոսարանի աշխատանքներուն մասին յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին Հիւպատոսութիւնը շարունակեց իր ծառայութիւնը մատուցել հալէպահայութեան, փոխադրուելով համեմատաբար աւելի ապահով հայաբնակ թաղամաս: 1 Յունիս 2018-ին, երբ քաղաքը համեմատաբար աւելի խաղաղ դարձաւ, Հիւպատոսութիւնը իր հիմնական կեցութեան վայր վերադարձաւ:
Արմէն Սարգսեան լուսարձակի տակ առաւ հիւպատոսարանի գլխաւոր աշխատանքները, յայտնելով, որ Հիւպատոսութիւնը ներկայիս ամբողջ թափով կ’աշխատի՝ քաղաքացիներուն մատուցելով հիւպատոսական ծառայութիւններ: «Հիւպատոսութիւնը կը գործակցի համայնքային կառոյցներուն հետ, նպատակ ունենալով Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումն ու մշակութային ձեռնարկներու խրախուսումը հալէպահայութեան կեանքէն ներս», ըսաւ հիւպատոսը, աւելցնելով, որ եռամսեայ դրութեամբ արտագնայ հիւպատոսական ընդունելութիւններ եւս տեղի կ’ունենան դէպի Լաթաքիա եւ Քեսապ, ուր Հայաստանի քաղաքացիութեան անցագրեր կը բաժնուին այդ շրջաններուն մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն եւ տեղի կ’ունենան համայնքին հետ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին կը քննարկուին Սուրիոյ ընդհանուր վիճակը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող զարգացումներն ու փոփոխութիւնները:
Խօսելով ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբի աշխատանքին մասին, Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ 2019 Փետրուարէն ի վեր խումբը կը գտնուէր Հալէպ: Անոր մաս կը կազմէին բժիշկներ եւ ականազերծող մասնագէտներ, որոնք չորս ամիսուան ընթացքին բաւական մեծ աշխատանք տարին Հալէպ նահանգին մէջ՝ ականազերծելով ականապատուած տարածքներ, որոնք այսօր պիտանի են գիւղատնտեսութեան համար, իսկ այդ տարածքներուն մէջ բնակող սուրիացի քաղաքացիներուն կեանքը վտանգի տակ չէ այլեւս, որովհետեւ այս աշխատանքին շնորհիւ ապահովուեցաւ անոնց անձնական անվտանգութիւնը: Մարդասիրական խումբի բժիշկները քանի մը հիւանդանոցներու մէջ ալ իրենց ծառայութիւնը մատուցին, ինչպէս նաեւ ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնի՝ Դարմանատան հետ տեղի ունեցաւ սերտ գործակցութիւն՝ բժշկական ծառայութեան եւ խորհրդատուութեան ոլորտներուն մէջ:
Պարոն հիւպատոսը կարեւորութեամբ մատնանշեց, որ մարդասիրական խումբին առաքելութեան արձագանգը շատ դրական էր Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան, Սուրիոյ ժողովուրդին եւ հայկական համայնքին կողմէ:
Սարգսեան դիտել տուաւ. «Սուրիոյ պատերազմի դժուարին օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին կողքին կանգնեցաւ, այնպէս ինչպէս եղած էր մեր պատմութեան ամենածանր ժամանակահատուածին մէջ, երբ Օսմանեան Կայսրութենէն մազապուրծ փրկուած մեր հայրենակիցները ապաստան գտան սուրիական օրհնեալ հողին վրայ: Այսօր մեր բարոյական պարտքն է զօրակցութեան նոյն ոգիով գործել սուրիացի մեր եղբայրներուն հետ»:
Անդրադառնալով հայ-սուրիական միջպետական յարաբերութիւններուն, Սարգսեան յայտնեց, որ հումանիտար (մարդասիրական) գործակցութեան բնագաւառը երկու երկիրներու գործակցութեան մէջ բոլորովին նոր բնագաւառ մըն էր, որ մինչեւ օրս գոյութիւն չէր ունեցած: «Երկկողմանի յարաբերութիւնները Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան հետ բաւական բարձր մակարդակի վրայ են, ուստի մեր գործակցութիւնը պիտի շարունակուի ի շահ մեր երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան», ըսաւ ան:
Մարդասիրական առաքելութեան խումբի աշխատանքներուն մասին աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններ յայտնեց խումբի ղեկավար՝ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան: Տօնոյեան ըսաւ, որ մարդասիրական առաքելութեան աշխատանքներուն մաս կը կազմէին երկու խումբեր՝ բժիշկներ եւ սակրաւորներ (ականազերծողներ), ընդհանուր առմամբ շուրջ 80 մասնագէտներ: Բժիշկները իրենց մասնագիտական պարտականութիւնը կը կատարեն Հալէպի շարք մը բժշկական հաստատութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնի դարմանատան մէջ: Ականազերծողները ներկայիս իրենց աշխատանքը կ’իրականացնեն ալ Հուսէյնիա տարածաշրջանին մէջ: Բժիշկներու եւ ականազերծողներու անձնակազմին անվտանգութիւնը կ’ապահովէ ռազմական ոստիկանութենէն բաժանում մը:
Պարզաբանելով մարդասիրական առաքելութեան խումբին նպատակը Արկատի Տօնոյեան ըսաւ. «Նախ եւ առաջ այս մէկը հայ-սուրիական բարեկամութեան մէկ դրսեւորումն է, ուր հայկական կողմը իր օժանդակութիւնը կը ցուցաբերէ Սուրիոյ՝ յետպատերազմեան վերականգնումի աշխատանքներուն, մասնաւորապէս Հալէպ նահանգին մէջ: Առաքելութիւնը կը ներառէ բժշկական ծառայութիւն: Մեր բժիշկները նախորդ չորս ամիսներու ընթացքին բժշկական օգնութիւն ցուցաբերեցին շուրջ 1000 եւ աւելի տեղացիներու, անկախ իրենց կրօնական եւ սեռային պատկանելիութենէն, իսկ սակրաւորները իրենց աշխատանքով սուրիական պետութեան կողմէ ճշդուած տարածքներուն մէջ ականազերծեցին շուրջ 33.000 քառ.քմ. տարածք»:
Մարդասիրական առաքելութեան երկրորդ խումբի ժամանումին եւ առաքելութեան մասին խօսելով Տօնոյեան նկատել տուաւ, որ 8 Յունիս 2019-ին մարդասիրական առաջին խումբը իր առաքելութիւնը աւարտեց եւ Հայաստանէն ժամանած երկրորդ խումբը ամբողջութեամբ գործի լծուած կը շարունակէ նոյն բժշկական եւ ականազերծման մասնագիտական ծառայութիւնը մատուցել Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի բնակչութեան: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Մարդասիրական Ականազերծման Եւ Փորձագիտական Կեդրոն»ին նախաձեռնած «Մենք Ձեզի Հետ Ենք» մարդասիրական գործունէութեան կազմակերպիչներուն, որոնք մարդասիրական խումբին կողմէ Հալէպի ալ Հուսէյնիա բնակավայրի սուրիացի երեխաներուն, ինչպէս նաեւ հայ մանուկներուն Նազելի Էլպաքեանի ձեռամբ նուէրներ բաշխեցին, պատերազմի հետեւանքով իրենց մանկութիւնը կորսնցուցած փոքրիկներու դէմքերուն մանկական անմեղ ժպիտը վերադարձնելով:
Գնդապետը ըսաւ, որ թէ՛տեղացի ազգաբնակչութեան, թէ՛ տեղական իշխանութեան եւ թէ հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ ՀՀ մարդասիրական օգնութեան խումբի գործունէութիւնը բարձրօրէն կը գնահատուի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ աշխատանքի ընթացքին հայ սակրաւորները ինչպիսի՞ շփումներ ունեցան սուրիացի քաղաքացիներուն հետ եւ ի՞նչ էին անոնց տպաւորութիւնները, Արկատի Տօնոյեան ըսաւ. «Աշխատանքի ընթացքին մենք սերտ գործակցութիւն ունեցանք Սուրիոյ բնակչութեան եւ ղեկավարութեան հետ, որոնք իրենց ամէնօրեայ օժանդակութեամբ նպաստաւոր պայմաններ ձեւաւորեցին մեր սակրաւորներու անվտանգութեան առումով եւ մարդասիրական տեսանկիւնէն իրենց ամէնօրեայ գործունէութեամբ նպաստեցին մեր սակրաւորներու հանգիստ աշխատանքին»:
Հայ համայնքին հետ գործակցութեան եւ տարուած աշխատանքներուն մասին Տօնոյեան ըսաւ. «Հայ համայնքին հետ յարաբերութիւնները բացառիկ են: Նախորդ չորս ամիսներուն ընթացքին մարդասիրական խումբի մասնագէտները իրենց անմիջական մասնակցութիւնը բերին համայնքի կեանքին՝ ներկայ գտնուելով Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններուն կողմէ կազմակերպուած շարք մը մշակութային ձեռնարկներու»: Ան առանձնացուց բժշկական առումով ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնին՝ դարմանատան հետ սերտ գործակցութիւնը, որ շատ լայն արձագանգ գտաւ հայ համայնքի շրջանակներուն մէջ, հայրենի բժիշկները ամէնօրեայ գործունէութեամբ աջակցութիւն ցուցաբերեցին ե՛ւ հայ համայնքին, ե՛ւ սուրիացի քաղաքացիներուն:
Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններուն մէջ ի՞նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այս աշխատանքը հարցումին, Արկատի Տօնոյեան առանձնացուց տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւնը, որ այս քայլով առաւել եւս ամրապնդուեցաւ. մարդասիրական խումբը իր առաքելութեամբ ցոյց տուաւ, թէ հայ ժողովուրդը ինչպիսի՛ արժէքներու կը դաւանի: Այդ արժէքներուն գլխաւորը խաղաղութեան նպաստելն է:
«Հայ ժողովուրդը խաղաղութիւն արտահանող ժողովուրդ է, որմէ աշխարհի շարք մը պետութիւններ կրնան օրինակ առնել, տեսնելու թէ ինչպէ՞ս կարելի է եղբայր ժողովուրդին, նեղ ժամանակներու մէջ, օգտակար դառնալ ու անոր վստահութիւնը եւ բարեկամութիւնը ամրագրել»:
Տօնոյեան եզրափակելով յայտնեց, որ այս գործակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ, իսկ մարդաթսիրական խումբը իր գործունէուեամբ եւ օժանդակութեամբ իր ներդրումը պիտի բերէ մասնաւորապէս Սուրիոյ յետպատերազմեան վերականգնումի շրջանին: «Գալիք օրերուն պատմութեան դասագիրքերուն մէջ անպայման բաժին մը կը յատկացուի ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբին մատուցած ծառայութեան», ըսաւ ան: