Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 101-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր պաշտամունք: Հայ ժողովուրդին գոյութեան խորհրդանիշը հանդիսացող 28 Մայիս 1918-ի անկախութեան նուիրուած պաշտամունքին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, ՀՀ մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Հալէպի Հայ Աւետարանական Համայնքի մարմիններ, համայնքապատկան վարժարաններու կրթական մշակներ ու հոծ բազմութիւն մը:
Ներկաները դիմաւորուեցան ՀՄՄ-ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային եւ հայրենասիրական երգերով:
Հանդիսաւոր պաշտամունքը սկսաւ Յովիկ Գերպապեանի կոչով: Ապա շարունակուեցաւ երգով, Աստուածաշունչէն փոխադարձ ընթերցանութեամբ եւ փառաբանութեան աղօթքներով:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այս պանծալի տօնին յիշատակման առիթով խօսք առաւ ու կարեւոր համարեց միասնականութեան խորհուրդը։ «Հայ Աւետարանական Համայնքն ու մնացեալ յարանուանութիւնները իրենց գործակցութեամբ անսացին կազմակերպութեան միասնական աշխատանքի կոչին:
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը մեր ազգային արժէքներուն ջատագովը հանդիսացած եւ համահայկական մեր կեանքին մէջ իր ինքնուրոյն տեղը ունեցած է», ըսաւ ՀՅԴ Բ.-ի ներկայացուցիչը:
Ան բարձրօրէն գնահատեց Համայնքապետ Վերապատուելիին համահայկական տարողութեամբ իրականացուցած ազգային գործունէութիւնը:
Այնուհետեւ ան թուեց համահայկական մարտահրաւէրները՝ Հայաստանէն Արցախ, Ջաւախք եւ Սփիւռք։
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան «Արմիս» երաժշտանոցի աշակերտները՝ նուագելով զանազան կտորներ:
Օրուան պատգամն ու խորհուրդը ուղղեց Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, դիտել տալով, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը սովորական երեւոյթ մը չէր, որովհետեւ Հայաստանի անկախացումը յաջորդած էր Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքին եւ համաշխարհային տագնապալից պայմաններուն, հետեւաբար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 101-ամեակը մեր ժողովուրդին համար պէտք է դառնայ յարգանքի ու երախտագիտութեան արտայայտութիւն այն բոլոր հայորդիներուն նկատմամբ, որոնք գրիչով, խօսքով, գործով, ծառայութեամբ եւ արիւնով անկախութիւն կերտեցին:
Համայնքապետ Վերապատուելին աւելցնելով ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումով հայերը ո՛չ միայն վերապրեցան, այլեւ քաղաքական ու հոգեբանական ոստում մը կատարեցին՝ ամրագրելով մեր պետականութեան գոյութիւնը:
«Պետականութեան վերականգնումը սոսկ հռչակագիր ու օտարին կողմէ մեզի մատուցուած պարգեւ մը չէր, այլ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի վերապրումն էր, որ իր մէջ ո՛չ միայն ուժ գտաւ տէր կանգնելու իր սեփական ճակատագիրին ու երկրին, այլեւ վճռորոշ ճակատամարտերով ջախջախեց ցեղասպան թշնամին: Իբրեւ հայ ազգի զաւակներ պարտաւոր ենք միշտ յիշել մեր մեծերը, որոնք մեր պատմութեան ճակատագրական այդ ժամանակաշրջանին մասնակից եղան հայրենիքի պաշտպանութեան:
Պետականութեան վերականգնումը մղիչ ու ոգեւորիչ ուժ դարձաւ համայն հայութեան համար, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի նուիրական ու վեհ ձգտումներուն հիմնասիւն՝ կառուցելու համար ժողովրդավարական, իրաւական ու ընկերային պետութիւն, ազատ ու արդար հասարակական կեանք»:
Համայնքապետը եզրափակելով ըսաւ, որ 28 Մայիսով վերածուեցանք համախումբ ազգութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումով դարձանք միջազգայնօրէն ճանչցուած, պետականութեան տէր ժողովուրդ: Ուստի պէտք է տէր կանգնինք մեր 101-ամեայ պետութեան խոստումին, որպէսզի ի կատար ածենք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կտակը:
Պաշտամունքին գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ Միացեալ երգչախումբին, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներուն երգեցողութեամբ, պարբերաբար մեկնաբանուեցան հոյլ մը հայրենասիրական երգեր՝ «Պիտի Գնանք», «Երեւան-Էրեբունի», «Գետաշէն» եւ «Սարդարապատ»: Միացեալ երգչախումբի գեղ. ղեկավարութիւնը եւ դաշնամուրի ընկերակցութիւնը վստահուած էր խմբավար Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի: Հուսկ Մարինէ Մարգարեան մեներգեց «Իմ Անի»ն:
Ապա խօսք առաւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան: Ան շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը այս ուրախ տօնին առիթով, ապա յայտնեց, որ 28 Մայիսը ցեղասպանուած, հայրենազրկուած, ունեզրկուած եւ խոշտանգուած ժողովուրդի մը հերոսապատումն է: «Հայ ժողովուրդը մայիսեան հրաշափառ յաղթանակներուն համար որեւէ նախադրեալ չունէր, ո՛չ տնտեսական, ո՛չ ռազմաքաղաքական եւ ոչ ալ աշխարհաքաղաքական: Հայ ժողովուրդը հաւատաց իր առաքելութեան ու բազուկին զօրութեան: Մեր պատերազմներն ու գոյամարտերը տակաւին չեն աւարտած: Մենք ունինք բազմազան մարտահրաւէրներ: Ուստի մայիսեան յաղթանակներու ոգիով գօտեպնդուած հարկ է յիշել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու մեր պետականութիւնը, անոնց բարգաւաճումը ամէն ինչէ վեր են»:
Հանդիսաւոր պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Վերապատուելի Համայնքապետին առաքելական օրհնութեամբ:
Յետ պաշտամունքին ՀՄՄ-ի փողերախումբին հնչեցուցած հայրենասիրական երգերու ընկերակցութեամբ ներկաները ուղղուեցան Բեթէլ եկեղեցւոյ բակը, ուր զետեղուած էր հայրենի դրօշն ու զինանշանը: Այնտեղ, Վերապատուելի Համայնքապետը ներկաներուն անունով վերանորոգեց մեր ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու մեր հայրենիքին ու ամէն ջանք ի գործ դնելու յանուն հայրենիքի բարգաւաճումին եւ վերելքին, որպէսզի հասնինք մեր գերագոյն տեսլականին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումին:

 

Թղթակից