Հալէպի մէջ աւանդական տողանցքներուն երեւոյթը աստիճանաբար կը վերականգնի խաղաղութեան վերահաստատումով:
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին, Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ին տեղի ունեցաւ Մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած տողանցք, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ աւելի քան 250 սկաուտներու։
Տողանցքը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի պարտէզէն, ուրկէ սկաուտները ուղղուեցան դէպի Սիւլէյմանիէ, ապա Նոր Գիւղ եւ վերջապէս Վիլլաներ՝ Արամ Մանուկեան ժող. Տուն, ուր բնակչութիւնը ծափողջոյններով դիմաւորեց տողանցող սկաուտները։ ՀՄԸՄ- ի վարչութեան անունով Ալեքսան Պալեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր համակիրներուն, որոնք իրենց յարատեւ ներկայութեամբ կը քաջալերեն միութեան ձեռնարկները, ապա արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ Սկաուտ Խորհուրդի անդամ Յովիկ Հապէշեան, յայտնելով, որ իբրեւ Սուրիական Հայրենիքի հաւատարիմ քաղաքացիներ, հակառակ պատերազմի տարիներուն մեր դիմագրաւած բազմապիսի դժուարութիւններուն եւ տագնապալի իրավիճակին, մնացինք կանգուն եւ հաւատարիմ Սուրիական Հայրենիքին, միեւնոյն ժամանակ կառչած մնացինք մեր ազգային գաղափարներուն։
Ապա խօսք առաւ Տէր Խորէն Քահանայ Պէրթիզլեան, դիտել տալով, որ մեզի համար պատիւ եւ պարծանք է հայ ըլլալ: Իւրաքանչիւր հայորդի ունի գիտակցութիւնը իր լուման ընծայաբերելու Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, որովհետեւ մարդ արարածը ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կ’ապրի, երբ կը ծառայէ ազգին։ «Մենք, իբրեւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներ, շատ բան կը պարտինք այս հարուստ միութեան: Ուստի մեր ծառայութիւնը պարտք է ու պատիւ։ Ամէն անգամ երբ այս միութեան տարազը կը հագնինք եւ կը մասնակցինք անոր հաւաքական գործունէութեան, պէտք է մեր լաւագոյնը տանք, որովհետեւ երբ մեզի վստահուած գործը կատարեալ կերպով կ’ընենք, Աստուծոյ օրհնութիւնը կը վայելենք»։ Ապա խօսքը ուղղելով սկաուտներուն ըսաւ.«Դուք ջահակիրներն էք ՀՄԸՄ-ի  ազգային արժէքներուն եւ այդ ջահը միշտ բարձր պէտք է պահէք, քանի որ այդ ջահին լոյսը հայուն հաւատքն է, ձեր ծառայութեան ճաճանչող ոգին»։
Քահանայ հայրը իր խօսքը եզրափակելով յայտնեց, թէ սուրիահայերս կ’ապրինք Սուրիոյ մէջ, Սուրիան ալ կ’ապրի մեր մէջ: Այս գիտակցութեամբ պիտի ջանանք մեր լաւագոյնը ի գործ դնել յանուն Սուրիական Հայրենիքին։ Մայիսեան յաղթանակներու պանծալի խորհուրդով անգամ մը եւս կը փառաբանենք մեր նահատակները, որոնք իրենց կեանքը ընծայաբերեցին յանուն Հայաստանի անկախութեան։ 28 Մայիսին  շնորհիւ այսօր մենք ազատ կ’ապրինք եւ այդ պատճառով պէտք է մեզի վստահուած գործը հասցնենք իր աւարտին՝ միշտ յիշելով մեր հայրենիքին օրհներգը.
«Ամենայն տեղ մահը մի է
Մարդ մի անգամ պիտ, մեռնի,
Բայց երանի՝ որ իւր ազգի 
ազատութեան կը զոհուի»։
Սկաուտ Խորհուրդ