Մէկէ աւելի փորձ, տատամսում ու վախ՝ գնահատել կարենալու ուսուցիչ մը, որուն պաշտօնակիցը ըլլալու բախտաւորութիւնը ունեցած եմ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի սուրբ յարկին տակ։
Ուսուցի՛չ
Այս հրաշալի բառին արձանագրումով զգացումներդ կարծէք մրցակցութեան մէջ կը մտնեն՝ արտայայտելու անբացատրելին։
Երախտագիտութիւնը ուսուցիչին հանդէպ մեր տածած սիրոյն եւ յարգանքին լաւագոյն արտայայտութիւնն է։
Ուսուցիչը ազնիւ, գուրգուրոտ եւ բխրուն սրտով օժտուած անձն է, որուն դիմաց կը խոնարհին բոլոր հսկաները։
Վստահելի ու բանիմաց սերունդ ունենալու համար պէտք է պատրաստել գիտութեամբ եւ կայուն նկարագիրով զինուած երիտասարդը։ Այս առաքելութեան մէջ հսկայ է դպրոցին դերը, իսկ աշխատանքի առիւծի բաժինը վստահուած է ուսուցիչներուն։
Այս իմաստով պրն. Սարգիս Խուրշուտեան իր պարզունակ արտաքինով, խոնարհ նկարագիրով կրցած էր սիրաշահիլ աշակերտներու մեծամասնութեան համակրանքը, հակառակ իր սուր ու երբեմն ալ վիրաւորական յանդիմանութիւններուն։
Անցան օրեր, թաւալեցան տարիներ։
Աշակերտ էի, դարձայ պաշտօնակից։
Պրն. Խուրշուտեան մեծ էր աչքիս՝ դարձաւ հսկայ։
Աշխոյժ ու բծախնդիր էր, իւրաքանչիւր աշակերտի յաջողութիւնը նոր աւիւն կը ներշնչէր իրեն։
Բարեբախտաբար կացութիւնը կարելի է բաւական մխիթարական գտնել այսօր եւս։ Մեր ուսուցիչներով մեր ճակատը բարձր կը պահենք, կը հպարտանանք անոնց բարոյական ըմբռնումներով եւ աշխատանքով։
Սակայն պատրանքներով չօրօրուինք։ Գաղտնիք չէ, որ օրէ-օր կը մթագնի աւանդական ուսուցիչին տիպարը։ Մեր մխիթարական վիճակը կարելի չէ խարիսխ համարել, յարաբերական է ամէն բան։
Եկէք այս առիթով յայտարարենք, որ մեր ազգային բարեմասնութիւններով հպարտանալու իրաւունքին ե՛ւ հրճուանքին մէջ յաճախ կը մոռնանք մեր թերութիւններուն մասին խօսիլ, կամ ամօթխածութեան մը տենդով կը խուսափինք զանոնք հրապարակելէ։
Սակայն թաքնուած վէրքերը կը յառաջացնեն փտախտը։
Այս իմաստով խորիմաստ էին պրն. Խուրշուտեանի անկաշկանդ ելոյթները։ «Տնտեսական ճգնաժամ ապրող ուսուցիչը չի կրնար իր լաւագոյնն ու առաւելագոյնը զլանալ», կþըսէր ան։
Ուսուցչական ասպարէզը զինք կլանած էր։ Թէեւ ունէր սխալներ ու բացթողումներ, սակայն իր առաւելութիւնները գերիշխող կը մնային։
Տատամսեցայ, բայց եւ այնպէս յիշատակին մօտեցայ խորապէս յուզուած։ Վստահ եմ, որ ձեր հոգիին մէջ եւս պիտի թրթռայ անոր շունչը, եւ դուք Վարուժանի խօսքերով պիտի ըսէք. «Մեծ պիտի ըլլամ, յաւերժական պիտի ըլլամ, մինչ ամէն ոք ազգին սիրով լոկ արբշիռ, ազգին ոգիով հաղորդուած, պիտի վառի, բորբոքի որ Թորգոմայ տունն զգայ, թէ իր օճախը մարած՝ այսօր հրաբուխ է դարձեր»։
3 Յունիս 2019-ը Խուրշուտեանի մահուան օրը չէր։ Ես պիտի կոչեմ զայն իր յաղթանակին օրը։

Պարգեւ Աւագեան