Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան շեշտեց, որ Սուրիայէն եւ Արեւելքէն քրիստոնեաներուն պարպումէն միակ օգտուողները թրքական վարչակազմն ու Իսրայէլն են: Ան շեշտեց, որ բոլոր անոնք, որոնք իրենց ծրագրերու յաջողութեան գրաւը դրած են քրիստոնեաները Արեւելքէն արմատախիլ ընելու ջանքերուն վրայ, երեւակայական աշխարհի մէջ կը թաւալին:
Պէյրութի մէջ «Արեւելքի Քրիստոնէութիւնը Իր Գունեղ Ներկայութեամբ» նիւթով տեղի ունեցած ձեռնարկին, որուն ներկայ էին նաեւ Մարոնի Համայնքի Պէյրութի Առաջնորդ Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոսը եւ Լիբանանի Խորհրդարանի Փոխնախագահ Էլի Ֆրզլի, Զաքի խօսք առնելով ըսաւ. «Սուրիայէն եւ Արեւելքէն քրիստոնեաներուն գոյութիւնը չքացնելու, զիրենք գաղթի մղելու, եւ անոնց պատմութիւնը չէզոքացնելու ծրագիրէն միակ օգտուողները տարածաշրջանէն ներս կարեւոր դեր ունեցող երկու պետութիւններ են: Առաջինը՝ Թուրքիան, որ ճանչուած է որպէս Սուրիոյ մէջ զինեալ գործողութիւնները հրահրող եւ Սուրիոյ ընկերութեան միասնական գոյակցութիւնը խանգարելու համար նկրտող պետութիւն, իր նորօսմանեան ծաւալապաշտութեամբ սնանող իշխաութեամբ: Երկրորդը՝ Իսրայէլը, որ կը հաւատայ, թէ հրէական պետութեան հիմնադրութեան գաղափարախօսութիւնը յաջողութեամբ կը պսակուի միայն այն ատեն, երբ տարածաշրջանը քրիստոնէութենէ կը դատարկուի: Տակաւին չենք խօսիր գերպետութիւններու մասին, որոնք սուրիական հարցով տարբեր օրակարգեր ունին»:
Զաքի աւելցուց. «Պէտք է խորապէս սերտել սուրիական տագնապին ծալքերը , նկատի առնելով որ Սուրիան Շամի մեծագոյն երկիրն է եւ հնագոյն քաղաքակրթութեանց բննօրանը: Դամասկոս եւ Հալէպ կը նկատուին աշխարհի հնագոյն քաղաքները: Եւ ահա, Սուրիոյ քրիստոնեայ համանյքներուն եկեղեցիները կը հրկիզուին, անոնց խորհրդանիշները կը սրբապղծուին, քաղաքացիներ կ’առեւանգուին, կը սպանուին, տակաւին հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն կողմէ անոնք անհաւատ կը համարուին, իրենց արիւնն ու ունեցուածքն ալ՝ թալանի կ’ենթարկուին»: Զաքի յայտնեց, որ քրիստոնեաներն ու մահմետականները հաւասար իրաւունքներ կը վայելեն այս երկրին մէջ:
Լեւոն Զաքիի համաձայն, չափաւոր իսլամութիւնը քրիստոնէութեան գոյատեւման երաշխիքը կրնայ ըլլալ: Միջին Արեւելքի քրիստոնէութիւնը մեծ դերակատարութիւնը ունեցած է արաբական քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ: Մահմետականներն իսկ կը վկայեն, որ քրիստոնեաները նպաստած են արաբական քաղաքակրթութեան յառաջացման՝ մահմետականութեան ծագումէն իսկ առաջ: Անոնցմէ շատեր արաբական ազգայնականութեան ռահվիրաներն են: Ուստի պէտք չէ լոկ կրօնքի պիտակով արժեւորել անոնց ներկայութիւնը, յատկապէս նկատի առած, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը մահմետականներուն իսկ նախընտրութիւնն է՝ միջազգային ընտանիքին իբրեւ քաղաքակիրթ երկիրներ ներկայանալու: Եկիրներ, որոնք կը յարգեն մարդկային եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները:
Զաքի հարց տուաւ, թէ ո՛ւր են արթուն խղճի տէր մարդիկ՝ քրիստոնէութեան ուղղուած սպառնալիքներուն վերջ տալու համար: Մինչեւ ե՞րբ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն իրաւունքները անտեսուած պիտի մնան ծայրայեղ հաւատադրժողականներու կողմէ: Պէտք է յստակօրէն մերժել ու դատապարտել նման սանձարձակութիւնները՝ երեւան հանելով ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ անոնց հովանաւորներուն իսկական նպատակը:
Ըստ Զաքիի, առողջ դատող մահմետականներն իսկ պէտք է ըմբոստանան միացեալ կեցուածք ունենան քրինստոնեաներուն հալածանքին դէմ: Ոմանք աշխատանք կը տանին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու պատմական յարաբերութիւնները խզելու, վնաս հասցնելով չափաւոր մահմետականներուն եւս: Հետեւաբար տագնապը միայն քրիստոնեաներուն յատուկ չէ, ան ուղղուած է յատկապէս մահմետական քաղաքակրթութեան քանդումին:
Զաքի կարեւոր համարեց Արեւելքի քրիստոնեաներուն պահպանումը, որպէսզի անոնք իրենց նախնիներու հողերուն կառչած մնան: Ան երեք առաջարկ ներկայացուց: Առաջինը՝ պաշտպանութեան դիրքէն անցնիլ մտաւոր, մշակութային եւ քաղաքական յարձակումի, որուն կողքին, արաբական, մահմետական եւ միջազգային մակարդակներով միջազգային քարոզարշաւի մը ձեռնարկել հաւատադրժողական գաղափարախօսութեան դէմ: Երկրորդը՝ օգտուիլ Սուրիոյ սփիւռքէն՝ արեւմտեան շրջանակներու հետ հաղորդակցութիւն հաստատելու համար, իսկ երրորդը՝ ուժերը մէկտեղելով բարենորոգչական շարժում մը յառաջացնել կրօնական եւ քաղաքացիական հաստատութիւնները տարանջատելու համար:
Զաքի եզրափակելով ըսաւ. «Հակառակ քրիստէութեան կրած վնասներուն, անոր ուղղուած սպառնալիքներուն, թալանին, եւ հակառակ մեծաթիւ քրիստոնեաներու գաղթին, հաւատադրժողական այս շարժումը չյաջողեցաւ աղաւաղել քրիստոնեային պատկերը եւ սեպ խրել փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն ու մահմետականներուն միջեւ: Քրիստոնեաները արմատախիլ չեղան ու պիտի չըլլան Միջին Արեւելքէն»:

«Թահթ ալ Միճհար»