ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՔԱՐՔԱՐՈՏ ՈՒ ԴԵՐԲՈՒԿ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

   Ըսինք, որ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը «փշոտ» աթոռ մըն է։ Եւ Մեսրոպ պատրիարք, իր երանաշնորհ նախորդներուն  նման, ի՛նք եւս կը զգար այդ «փուշ»երուն առթած նեղացուցիչ կճումը իր մարմինին վրայ…։

   Ոմանք կրնան հարց տալ, թէ Թուրքիոյ պետական շրջանակները 1998-ի պատրիարքական ընտրութեան ընթացքին ինչպիսի՞ արժեւորումեր կ’ընէին թեկնածու հոգեւորականներուն մասին։ Թեկնածու Մեսրոպ եպիսկոպոսի նկատմամբ վերապահութիւն կա՞ր վերին շրջանակներու մօտ, թէ՞ ան, իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի, ընդունելի անուն մըն էր առհասարակ։

   Այս մանրամասնութիւնները չենք գիտեր։ Գիտենք սակայն, որ 1998-ի փոթորկալից ընտրարշաւէն ետք՝ երբ 42 տարեկան Մեսրոպ սրբազան քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ պարտութեան մատնեց իր երէց մրցակիցը (Շահան արք. Սվաճեանը) ու գահ բարձրացաւ, ո՛չ մէկ ճիգ խնայեց՝ փարատելու համար պաշտօնական, կիսապաշտօնական, մամլոյ ու ժողովրդային որոշ շրջանակներու կողմէ իր անձին նկատմամբ սնուցուած կասկածներն ու վերապահումները։

   Նորընտիր պատրիարքը, որ վարչական ու յարաբերական մարզերու մէջ իսկական դիւանագէտ մըն էր եւ ճկուն ու վարպետ խօսակից մը, քանիցս Անգարա երթալով՝ Թուրքիոյ քրիստոնեայ մեծագոյն համայնքի հովուապետի իր հանգամանքով տեսակցութիւններ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այցելեց հանրապետութեան նախագահին, օրուան վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին, կրօնից տեսուչին, նախարարներու, տարբեր կուսակցութիւններու ղեկավարներու, նոյնիսկ՝ սպայակոյտի նախագահին։ Ամէնուրեք, իր անձին նկատմամբ փորձեց ստեղծել դրական տպաւորութիւններ։

   Բայց…աթոռը շարունակեց «փշոտ» մնալ։

   Տանք երկու օրինակ.-

   Մեսրոպ պատրիարք շատ մեծ կարեւորութիւն կու տար ուխտագնացութիւններու։ Յաճախ, բազմատասնեակ հայ ուխտաւորներու ընկերակցութեամբ կ’այցելէր Թուրքիոյ հին քրիստոնէական սրբավայրերը՝ Եգէականի ափերէն մինչեւ Անտիոք, մինչեւ երբեմնի հայադրոշմ բնակավայրեր ու աշխարհագրական գօտիներ։ Շատ կը սիրէր նաեւ Երուսաղէմ այցելել։ Եւ իր շուրջիններուն, մանաւանդ եկեղեցւոյ մեծ ու փոքր սպասաւորներուն, կը թելադրէր անպայման Երուսաղէմ ուխտի երթալ գէթ անգամ մը, որովհետեւ «այդ սուրբ քաղաքը այցելելէ յետոյ է, որ կարելի կ’ըլլայ զգալ կամ անդրադառնալ, թէ ինչպիսի օրհնութիւն ստացուած է ուխտագնացութեան շնորհիւ» (իր խօսքերն են)։

   2001-ին ալ ծրագրած ու իրականացուցած էր շարք մը յոբելենական ուխտագնացութիւններ դէպի գաւառ, քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ ընդունման 1700-ամեակին առիթով։ Այս ուխտագնացութիւններէն մէկն ալ՝ դէպի Կեսարիա երթն էր։ Կեսարիոյ մէջ դեռ ունէինք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անունը կրող եկեղեցի մը (գաւառի մէջ՝ Պատրիարքարանի ձեռքը մնացած հազուագիւտ աղօթատեղիներէն մին), որ այս առթիւ փառաւորապէս նորոգուած էր, իր ոսկեքանդակ խորաններով՝ բացառիկ տեսք մը զգեցած էր։

   Շուրջ 700 ուխտաւորներ Կեսարիա կը հասնէին 25 Մարտ 2001-ին։ Պատրիարք սրբազանը անձամբ կը պատարագէր բարեզարդեալ եկեղեցիին մէջ, իր կողքին ունենալով եկեղեցականներու պատկառելի շքախումբ մը։ Բացառիկ ու անմոռանալի օր մը կը դառնար այդ այցը։ Բայց…բայց…պատարագիչ սրբազանը հազիւ եկեղեցիէն դուրս ելած՝ դարանակալ սպասող թուրք լրագրողներ ընդվզեցուցիչ հարցումներու տարափ մը կը տեղացնէին իր գլխուն։ Եւ որովհետեւ ճի՛շդ այդ օրերուն Ֆրանսա պաշտօնապէս ճանչցած էր Հայկ. Ցեղասպանութիւնը, լրագրող մը կը համարձակէր սա՛ հարցումը ուղղել հայոց պատրիարքին.

   -Արդեօք հայերը՝ դուք, ցեղասպանութեան ճանչցուած ըլլալու ուրախութի՞ւնն է որ կը տօնակատարէիք՝ մինչեւ Կեսարիա գալով…

   Ի՜նչ պատասխան տար այս տխմար հարցումին, խեղճ պատրիարքը։

   Ուրիշ ուխտագնացութիւն մը, 2003-ի աշնան, Պատրիարքարանի կողմէ ծրագրուած էր դէպի Վան ու շրջակայքը, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հազարամեակին առիթով։

   Մեսրոպ պատրիարք, գլխաւորելու համար ուխտաւորները, 2 Հոկտեմբեր 2003-ի կանուխ առաւօտուն կը հասնէր Պոլսոյ օդակայանի պատուոյ սրահը, թռիչք առնելու համար դէպի Վան։ Բայց…բայց…Թուրք Օդային Սպասարկութեան պատասխանատուները կը յայտնէին թէ ՕԴԱՆԱՒԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂ ՉԿԱՐ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԱՄԱՐ։

   Ինչպէ՞ս կրնար պատահիլ նման բան, երբ երթուդարձի տոմսակը երկու շաբաթ առաջուց ապահովուեր էր, իսկ թռիչքէն օր մը առաջ ալ՝ պաշտօնական նամակ մը յղուած էր օդակայանի վարչութեան, հաստատելու համար ճամբորդութիւնը։

   Պատրիարք Հայրը կը բողոքէր, կ’ըսէր թէ գանգատ պիտի յայտնէ պատկան մարմիններուն։ Սակայն օդակայանի վարիչները, ուս թօթուելով, կը պատասխանէին սառնասրտութեամբ.

   – Կրնաք գանգատիլ ո՛ւր որ կ’ուզէք։ Մեզի որեւէ տեղեկութիւն տրուած չէ, թէ պիտի ճամբորդէք…։

   Աւելի ուշ, այդ նոյն պատասխանատուները, կ’առաջարկէին պատրիարք սրբազանին աթոռ մը տրամադրել օդանաւին 27-րդ կարգին վրայ…։ Պատրիարքը կը մերժէր։ Եւ այսպէս, Մեսրոպ սրբազան կը հրաժարէր Վան մեկնելէ ու խորապէս ցնցուած՝ ցասումով կը վերադառնար Գումգաբու…։

   Պատահածը զգայացունց եղելութիւն մըն էր։

   Նոյն օրն իսկ՝ Պատրիարքարանը խիզախ լուսաբանութիւն մը հրապարակելով իր ընդվզումը կը յայտնէր այս դէպքին համար ու կը յիշեցնէր որ ասիկա երկրորդ անգամն է որ արուեստական արգելքներ կը յարուցուէին պատրիարք սրբազանին Վան այցելելու ցանկութեան դիմաց։

   Բացայայտ էր, որ միջադէպը օդակայանի պաշտօնեաներուն «ապիկարութեան» արդիւնքը չէր, ինչպէս կը փորձէին չքմեղանալ ոմանք։ Վարագոյրին ետեւ թաքուն ձեռքեր կը շարժէին…։

   Պարզ է։ Երկրին մէջ որոշ շրջանակներ անհանգստութիւն կը զգային հայոց պատրիարքին նմանօրինակ այցելութիւններէն։

   Այդ շրջանակներուն կասկածն ու վերապահութիւնը բնա՜ւ չէր չքանար…

  

«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽԱՌՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ ՄԻ՛ ԸՆԷՔ»

   Մեսրոպ պատրիարքին Վան այցելութիւնը երկու անգամ խափանուած էր։

   Յայտնապէս, թուրք որոշ շրջանակներ անհանգիստ էին՝ տեսնելով որ հայոց պատրիարք մը, եկեղեցական սքեմը ուսին եւ ուխտաւորներու բազմութեան մը գլուխն անցած, Պոլսէն մինչեւ Անատոլուի արեւելեան նահանգները կ’երթայ՝ դեգերելու համար երբեմնի Արեւմտահայաստանի քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ…։

   Երեւոյթը, այնուամենայնիւ, աննախընթաց չէր։ Շնորհք պատրիարքն  ալ նմանօրինակ այցելութիւններ կամ ուխտագնացութիւններ կատարեր էր 80-ական թուականներուն (թերեւս քաղաքական աւելի աննպաստ պայմաններու մէջ), դէպի այդ նոյն վայրերը, թէեւ աւելի զգուշաւոր ու գրեթէ աննշմար կերպով, հեռու՝ հետաքրքիր աչքերէ  ու բամբասող լեզուներէ…։ Մինչդեռ Մեսրոպ պատրիարքին այցելութիւնները կը կատարուէին թուրք տեսողական ու գրաւոր մամուլի շահաքրքիր հայեացքին տակ, յաճախ նաեւ՝ իշխանութեանց կողմէ տրամադրուած թիկնազօրներու շուքին ներքեւ…։ Ասիկա, ինքնաբերաբար, դուռ կը բանար անշուշտ որոշ անպատեհութիւններու, մանաւանդ որ գիտենք, թէ Աթաթիւրքի երկրին մէջ, վերնախաւէն մինչեւ ժողովրդային շրջանակներ, ամէն ոք մի՛շտ ալ ծայրայեղօրէն զգայուն եղած է «հայկական» նիւթերու նկատմամբ, հաշտ աչքով չէ՛ դիտած ամէն ինչ որ «հայկական» է…։

   Սակայն Մեսրոպ պատրիարք այն անձը չէր, որ կրնար դիւրաւ ընկրկիլ արգելքներու կամ խոչընդոտներու առջեւ։

   Եթէ որոշեր էր Վան երթալ, ուրեմն՝ պէ՛տք է երթար ճակատաբաց, նոյնիսկ՝ հիւրընկալուելով տեղւոյն կուսակալին կողմէ, այսինքն՝ պետութեան ամենաբարձր ներկայացուցիչէն։

   Ու գնաց։

   Օդանաւի այդ անբախտ ու զգայացունց պատահարէն ընդամէնը երեք շաբաթ ետք (24 Հոկտեմբեր 2003)՝ հայոց պատրիարքը շուրջ երեք տասնեակ ուխտաւորներու գլուխն անցած թռիչք առաւ դէպի Վան, «Վասպուրական մեր աշխարհ»…։

   Ամէնէն առաջ այցելեց Աղթամար կղզին ու հոն կառուցուած Ս. Խաչ հնադարեան եկեղեցին։ Յետոյ գնաց Նարեկ գիւղը, Գր. Նարեկացիի ծննդավայրը, որ հիմա կը կոչուէր Եմիշլիք։ Ափսոսանքով տեսաւ, որ Նարեկայ պատմական վանքին հետքերն իսկ չէին մնացեր…։ Շարունակեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Վանայ լիճի միւս կղզին՝ Կտուց Անապատը, որ տեղացիներու կողմէ կը կոչուէր Չարփանաք Ատասը, եւ ուր դեռ կանգուն էր հայկական հին եկեղեցի մը։ Չմոռցաւ Վարագայ վանքն ալ, Խրիմեան Հայրիկի երբեմնի պաշտօնատեղին, որուն մնացորդները դեռ կը դիմադրէին տասնամեակներու աւերումին։ Ու վերջապէս, իր ուխտագնացութիւնը եզրափակեց Տոսպ քաղաքի աւերակներուն մէջ շրջելով, Վանայ բերդին ստորոտը։

   Այս հետաքրքրական եռօրեայ ուխտագնացութեան ամէնէն անակնկալ դէպքն ալ հետեւեալը եղաւ.- Պատրիարք Հօր բարի գալուստ մաղթելու եկան…հակահայ միութեան մը վարիչները։ Այո՛, մի՛ զարմանաք, Մեսրոպ պատրիարքին այցի եկան «Հայ հրոսախումբերու (չէթէ) կատարած ջարդերէն վնասեալներու միութիւն»ի վարիչները։ Անոնք եկան պնդելու ու կրկնելու այն տեսակէտը, թէ 1915-ին ցեղասպանութիւն չէր կատարուած։ Ըսին, թէ հայերը կ’աղաւաղեն ամբողջ պատմութիւնը։ Ըսին, թէ Ա. Աշխարհամարտին շա՛տ աւելի մեծ թիւով մահմետականներ սպանուած էին, քան հայեր։

   Մեսրոպ պատրիարք համբերութեամբ լսելէ ետք զանոնք, տուաւ շատ իմաստալից պատասխաններ ու նուրբ ոճով հակազդեց իր այցելուներուն պնդումներուն։ Կատարեց հաւասարակշռեալ դիտարկումներ ու երկխօսութեան հրաւիրեց իր դիմացինները։ Ան խօսեցաւ սա՛պէս (կը քաղեմ «Մարմարա»էն, յապաւումներով).

   -Մէջտեղը խոր վէրք մը կայ։ Ատիկա դարմանելու միակ կերպը իրարու հետ խօսիլն է։ Կարելի չէ նոր պատմութիւն գրել։ Եթէ Օսմանեան կայսրութեան հպատակ անձերը ապստամբած են, ատիկա առանց պատճառի չէ՛ եղած։ Միայն հայե՞րն էին ինքնավարութիւն պահանջողները։ Հապա ի՞նչ ըսել մահմետական ժողովուրդներու մասին, եգիպտացիներու, արաբներու, պալքանեան ժողովուրդներու մասին, որոնք նմանապէս ապստամբեցան կայսրութեան դէմ։ Իսկ այս կողմերը՝ ո՛չ միայն կառավարութիւնը ծանր հարկեր կը գանձէր ժողովուրդէն, այլ նաեւ քիւրտ ցեղապետներ յաճախ կը հարստահարէին հայ խեղճ շինականները։ Երանի՜ թէ այսօր համալսարաններու մէջ պատմութեան հետազօտութեամբ զբաղողները կարողանային կարդալ այդ օրերու արաբատառ թրքերէն ու հայերէն մամուլը։ Պատմական վիճաբանութեան եւ քննարկումի առողջ ու գիտական մեթոտներէն խուսափելով՝ կարելի չէ տեղ հասնիլ։ Ուրիշ ելք չկայ։ Թուրք եւ հայ ժողովուրդները, Թուրքիան եւ Հայաստանը՝ Աստուծոյ կողմէ իբրեւ հարեւաններ դրուած են միեւնոյն տարածաշրջանին մէջ։

   Պատրիարք սրբազանին այցելուները համոզիչ գտա՞ն վերի խօսքերը։ Կասկածելի է։

   Եւ արդէն, երեք օր ետք, ազգայնապաշտ «Ենի չաղ» թերթին մէջ կը հրատարակուէր այս այցելութեան վերաբերեալ պատկերազարդ լրատուութիւն մը, ուր դիտել կը տրուէր, թէ «Հայ հրոսախումբերու կատարած ջարդերէն վնասեալներու միութիւն»ի վարիչները տեսակցեր էին հայոց պատրիարքին հետ ու զգուշացուցեր էին զայն՝ որ «Վանի մէջ քաղաքական խառնակչութիւն չընէ»

*

   Ի դէպ, Մեսրոպ պատրիարք ամէն տեղ ու ամէն առիթով դէմ-յանդիման կը մնար Հայկ. Ցեղասպանութեան մասին տեղացի լրագրողներու հարցումներուն կամ հարցադրումներուն։ Այդ լրագրողները, յաճախ՝ նենգ ու չարամիտ, կ’ուզէին հայոց պատրիարքը նեղ կացութեան մատնել, փորձել անոր բերնէն կորզել բառեր, նախադասութիւններ կամ մտածումներ, որոնք աւելի ուշ կրնային գլխու ցաւ պատճառել իրեն…։

   Սակայն Մեսրոպ պատրիարք, այլապէս ալ հմուտ ըլլալով թրքերէն լեզուին, կը յաջողէր հաւասարակշռեալ պատասխաններով հաւատարիմ մնալ պատմական ճշմարտութեանց՝ այնքան, որքան կրնար արտօնել իրեն թրքահայոց հովուապետի իր պատասխանատու ու փափուկ պաշտօնը։ Այլ խօսքով, ան թէ՛ գայլը կուշտ կը պահէր, թէ՛ ոչխարը՝ ողջ-առողջ…

   Աւելորդ չէ յիշեցնել, որ 2005-ի ամանորեան իր գրաւոր պատգամին մէջ՝ Մեսրոպ պատրիարք, ի միջի այլոց, անդրադարձեր էր Մեծ Եղեռնի 90-ամեակին։ Այդ ուշագրաւ պատգամը, որ օրին հրատարակուեցաւ պոլսահայ մամուլին մէջ (տե՛ս «Մարմարա», 31 Դեկտ. 2004), Եղեռնը բնութագրող իր տողերով՝ «առաջին» մըն էր թրքահայ պատրիարքի մը կողմէ ստորագրեալ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան արդի պատմութեան մէջ։ Պատրիարք սրբազանը կը նշէր.

   -Օսմանեան կայսրութեան Իթթիհատ եւ Թէրաքքի կուսակցութեան կառավարութիւնը, Ա. Համաշխարհային Պատերազմի պայմաններուն ներքեւ, պետական անվտանգութեան վարկածներով մտահոգուած, կայսրութեան հայազգի հայրենակիցները աքսորի ենթարկեց դէպի Սուրիոյ անապատը։  Տրուած ըլլալով որ ապահովութեան անհրաժեշտ միջոցառումներ չկային, հարիւր հազարաւոր հայազգի հայրենակիցներ՝ կա՛մ իրենց բնակավայրերու մերձակայ տեղերը, կա՛մ դէպի անապատ աքսորի ճանապարհին, իսկ ուրիշներ՝ ուղղակի անապատի դաժան պայմաններուն մէջ, ոմանք ալ պատեհապաշտներու տմարդի յարձակումներուն հետեւանքով՝ զոհուելով կնքեցին իրենց մահկանացուն։ Օսմանեան կայսրութեան հայազգի հպատակներուն համեմատաբար քիչ մասը միայն փրկուեցաւ ոչնչացումէ։  Պատճառաբանութիւնը ինչ որ ալ եղած ըլլայ, սոյն անընդունելի ու անխիղճ Մեծ Եղեռնը պատմութեան անցաւ իբրեւ քսաներորդ դարու սկիզբը պատահած մարդկային ողբերգութիւն։

(Շարունակելի- 7)
Լեւոն Շառոյեան