Նոր Գիւղի մանուկներուն եւ պատանիներուն համար ամենահաճելի ու անհամբեր սպասուած տօնը նախ Կաղանդն էր, ապա՝ Տեառնընդառաջը եւ անշուշտ անոնց յաջորդող Զատիկը:

Դեկտեմբերին արդէն խանութները կը սկսէին լեցուիլ խաղալիքներով եւ տօնածառի զարդարանքներով: Կաղանդին երկու շաբաթ մնացած շուկայ կ’իջնէին եղեւնիի ճիւղեր, որոնք հսկայ ծառէ մը սղոցուած, որպէս տօնածառ կը վաճառուէին. իւրաքանչիւրը կը գնահատուէր ըստ իր մեծութեան եւ գեղեցկութեան: Անոնց մեծամասնութիւնը գողցուած կ’ըլլար մերձակայ պետական դպրոցի մը պուրակէն, պահակին բացակայութեան: Յիսնական թուականներն էին, արհեստական տօնածառ ըսուածը գոյութիւն չունէր:

Ես, տակաւին նախակրթարանի աշակերտ, սորված էի այդ ծառերուն գլխաւոր «ներածողին» տունը, որուն բակը լեցուած կ’ըլլար տեսակաւոր ծառերով, մարդուն հետ սակարկելով, համեմատաբար աժան գինով կ’առնէի ծառ մը ու Կաղանդէն շաբաթ մը առաջ, քոյրերուս հետ կը սկսէինք զարդարել զայն բամպակի ծուէններով, գունաւոր երիզներով ու հատ ու կենտ խաղալիքներով, որոնք խնամքով պահած կ’ըլլայինք նախորդ Կաղանդէն: Այդ օրերուն ընդհանրացած էր նաեւ եղեւնիի ճիւղերը եգիպտացորենի խորովուած ու պայթած հատիկներով զարդարել, ծառը թէ՛ ձիւնածածկ, կամ ծաղկած նշենիի կը նմանէր, թէ ալ ամենաաժան ձեւն էր:

Մեր համեստ սեղանները տօնական տեսք կը ստանային, բեռնաւորուած նարինջ-մանտարինով, ընկոյզ-շագանակով ու քաղցրաւէնիքներով, որոնք սովորական օրերուն կը բացակայէին մեր տուներէն, իսկ տօնական օրերուն կը վերադառնային: Ես մինչեւ օրս չեմ հասկցած, թէ ծայրայեղ խնայողութեամբ ապրող ընտանիքները ինչպէ՞ս բարիքներով լեցուն տօնական սեղան կը պատրաստէին: Այսօրուան մասնագէտ տնտեսագէտները սորվելիք շատ բան ունին մեր խնայասէր մայրերէն:

Կաղանդի եւ Ս. Ծնունդի առիթով դպրոցական արձակուրդը վայելելով, Փետրուարին կը պատրաստուէինք Տեառնընդառաջին, որուն «Տէրնտես» կ’ըսէինք: Այդ տօնին առիթով թաղային մրցումի վերածուած էին խարոյկները, թէ ո՞ր թաղը պիտի կարենայ ամենամեծ խարոյկը վառել:

Նախապատրաստական աշխատանքները կը սկսէին Կաղանդէն ետք, երբ տուներու մէջ որպէս տօնածառ օգտագործուած բնական եղեւնիները իրենց պարտականութիւնները աւարտած՝ կը նետուէին փողոց կամ տուներուն տանիքները: Իսկ փոքրերուս պարտականութիւնն էր հաւաքել այդ ծառերն ու ամբարել յարմար տեղ մը:

Մինչեւ Փետրուար 14, Տեառնընդառաջի օրը, այդ ծառերը կը չորնային եւ լաւ վառելանիւթ կը դառնային, մանաւանդ որ այրած ատեն անոնց ասեղնատերեւները չթչթոցով հաճելի բոյր մը կ’արձակէին:

Տեառնընդառաջի շաբաթը թաղին արհեստաւոր մեծ տղաքը իրենց աշխատավայրերէն հեղուկ վառելանիւթ կը բերէին, մեքենայի իւղ ու այրած ձէթ եւ նման բաներ: Թէեւ այդ ձէթերն ու իւղերը երբ այրէին տհաճ հոտ մը կ’արձակէին, շուրջի դրացիները կը գանգատէին, սակայն մտիկ ընող չէր ըլլար:

Ասոնց կից, ամէն օր դպրոցէն արձակուելէ ետք, փոքրերուն պարտականութիւնն էր պտտիլ շրջակայ դաշտերը, պարտէզներն ու բանջարանոցները եւ գետիններէն ցախ ու չորցած ծառի ճիւղեր հաւաքել:

Տեառնընդառաջի նախորդ երեկոյեան խարոյկը կը բոցավառէր, բոցերուն լեզուները կը հասնէին կողքի տուներուն երկրորդ յարկերը ու տեսնելու էր հաւաքուած թաղեցիներուն ուրախութիւնը: Քանիերորդ անգամ ըլլալով մեր թաղին խարոյկը կը շահէր առաջնութիւնը: Մինչեւ կէս գիշեր, անդադար նորոգուող կրակը վերջապէս կը սկսէր հանդարտիլ, ու ժամանակը հասած կ’ըլլար անհամբեր սպասողներուն, որոնք մտովի փափաք մը պահած, կը ցատկէին կրակին վրայէն, ապա տուները կը ցրուէին հաւաքուածները՝ կարմրած թուշերով ու ժպիտը իրենց դէմքին:

Հեռաւոր շրջաններէն եկած հետաքրքիր տեղացիներ, կը դիտէին ու իրարու կ’ըսէին՝ «Հայերը ձմեռը այրեցին»:

 

Յակոբ Միքայէլեան