«Ապառաժ».- 13 Յունիսին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Էտուարտօ Կոստանեանը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան` Ուրուկուէյ եւ Արժանթին վերջերս կատարած այցելութեան արդիւնքներուն: