Ծխելը որեւէ օգուտ չունի ձեր առողջութեան: Ան կը վնասէ յատկապէս ձեր թոքերը: Գիտութիւնը պարզած է, որ կան այնպիսի սննդամթերքներ, որոնք կը նպաստեն թոքերու մաքրումին:
Սելենիոմ հանքանիւթը, օրինակ, որ յայտնաբերուած է հողին մէջ, եւ բնականաբար կրնայ գտնուիլ նաեւ ջուրին եւ սնունդի որոշ տեսակներու մէջ, շատ օգտակար է, քանի որ ան կը պարունակէ հակաօքսիտանթներ, որոնք կը պաշտպանեն բջիջները: Մարդոց անհըրաժեշտ է շատ քիչ քանակով սելենիոմ, որ կարելի է սպառել սնունդի միջոցով: Սելենիոմը կը գտնուի հետեւեալ սնընդամթերքներուն մէջ.
Ա) Սխտոր
Սխտորը բուժիչ յատկութիւն ունի: Գիտնականներ կը թելադրեն բարձրացնել սխտորի սպառման քանակը, յատկապէս ծխելու վարժութիւն ունեցող մարդոց պարագային:
Բարձր ճնշում ունեցողներու պարագային օրական 2-3 պճեղ սխտորի գործածութիւնը մեծապէս կ’օգնէ ճնշումի բարելաւման: Հում սխտորի գործածութիւնը աւելի ազդու է, քան տարբեր միջոցներով գործածուած սխտորը:
Սխտորը նաեւ կ’օգնէ շաքարախտէ, բարձր ճարպաիւղ եւ ընդհանրապէս սրտի հիւանդութիւններէ տառապողներուն:
Բ) Կոճապղպեղ
Կոճապղպեղը մանրէներուն դէմ պայքարելու յատկութիւն ունի, ուստի ան կը վերականգնէ թոքերուն աշխատանքը: Կոճապղպեղը կը պարունակէ նաեւ տարրեր, որոնք կ’օգնեն արեան գերճնշումի նուազեցման եւ արեան շրջանառութեան բարելաւման. կոճապղպեղը կ’օգնէ նաեւ յօդերու բորբոքումէն յառաջացած գլխացաւերու բուժման:
Գ) Կրիֆոն
Թէեւ կրիֆոնին թթու-լեղի համը շատերու քիմքին համար անհաճոյ է, բայց եւ այնպէս այս պտուղը սննդական մեծ արժէք ունի: Կրիֆոնը հարուստ է հակաքաղցկեղային յատկութիւններով, քանի որ ան կը բարելաւէ բջիջներուն աշխատանքը: Կրիֆոնը կը նպաստէ մարմնին մէջ վատորակ ուռուցքի բջիջներու զարգացման կանխարգիլման: Հետեւաբար, թելադրելի է անոր յաճախակի սպառումը, յատկապէս ծխախոտ օգտագործողներուն եւ բոլոր անոնց պարագային, որոնք ժառանգաբար թոքերու քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը ունին իրենց մարմնին մէջ:
Կրիֆոն ուտելէ կամ անոր հիւթը խմելէ պէտք է զգուշանան բոլոր անոնք, որոնք միզային բորբոքումներ կամ մէզը զսպելու դժուարութիւն ունին: Այս անձերը պէտք է դիմեն իրենց բժիշկին խորհուրդին: