«Հայերն այսօր».-Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր նորանշանակ յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը:
Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է.«Ես Ձեզ Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար նշանակելու որոշում ստորագրած եմ եւ ուրախ եմ, որ աշխատանքի պիտի անցնիք Հայաստանի մէջ: Անցեալ տարի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ հսկայական փոփոխութիւններ եղած են ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Սփիւռքի մէջ: Միանշանակ կրնամ ըսել, որ Սփիւռքը անցեալ տարի լիարժէքօրէն, 100 տոկոսով մասնակից էր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան: Նաեւ իմ քանի մը այցելութիւններուն հետեւանքով հասայ այն համոզումին, որ մենք Սփիւռքի հետ վարող քաղաքականութիւնը պէտք է փոխենք, եւ զայն դարձնենք աւելի արդիւնաւէտ, որուն հիմնական նպատակադրումը պէտք է ըլլայ Սփիւռքի առաւել մեծ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի կեանքին, Հայաստանի տնտեսական կեանքին, Հայաստանի հանրային կեանքին, Հայաստանի քաղաքական կեանքին, Արցախին եւ ընդհանրապէս մեր հայկական նոր օրակարգի ձեւաւորման եւ այդ օրակարգի իրագործման աշխատանքներուն:
Շնորհակալ եմ, որ համաձայնեցաք հրաժարիլ Կլէնտէյլի Ձեր աշխատանքէն եւ վերադառնալ Հայաստան. սա շատ խորհրդանշական է: Դուք ծնած էք Երեւան, մինչեւ 7-րդ դասարան սորված էք անգլիական դպրոցի մէջ, կը տիրապետէք հայերէնին, անգլերէնին, ռուսերէնին եւ որոշ չափով սպաներէնին։ Սա կը նշանակէ, որ Սփիւռքի հետ լիարժէք հաղորդակցութիւն ստեղծելու կարելիութիւն ունիք։ Անշուշտ եւ՛ Հայաստանի, եւ՛ Սփիւռքի մէջ դուք անծանօթ մարդ չէք, եւ կը կարծեմ լաւ կարելիութիւն կայ, որ նոր ժամանակներու մէջ մեր առջեւ դրուած նոր հարցերը միասին լուծենք: Ձեզի կը մաղթեմ յաջողութիւն, այսօրուընէ արդէն կ’անցնիք Ձեր պարտականութիւններու կատարման, բոլորիս յաջողութիւն կը մաղթեմ: Յոյս ունիմ, որ ժամանակը կ’ապացուցէ, թէ նաեւ Ձեր օգնութեամբ այս կառուցուածքային փոփոխութիւնը, զոր կատարեցինք, իսկապէս արդիւնաւէտ է»:
Իր կարգին, Զարեհ Սինանեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին վստահութեան համար եւ աւելցուցած. «Պարտաւորուած կը զգամ եւ մեծ պատիւ կը համարեմ այս աշխատանքը ստանձնելը, նաեւ մեծ պարտականութիւն, քանի որ ինչպէս Դուք նշեցիք մեր հայրենիքին` Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւնները հսկայական ներուժ ունին: Մեր խաղաղ, թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութեան արդիւնքով բացուած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ իրական, իմաստալից, խոր գործակցութեան դռները, որուն արդիւնքները կրնան պարզապէս անբնութագրելիօրէն լաւ ըլլալ եւ՛ Հայաստանին, եւ՛ Սփիւռքին համար:
Սփիւռքը Հայաստանի համար կը ներկայանայ որպէս պատրաստ ներուժ, որ պէտք է օգտագործել, բառիս լաւագոյն իմաստով` ի շահ հայրենիքին: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ ինչ-որ չափով Սփիւռքի յարատեւման, ուժեղացման երաշխաւորն է: Այնտեղ ալ շատ հարցեր կան, եւ ես չեմ կասկածիր, որ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է նեցուկ կանգնելու իր հայրենակիցներուն Սփիւռքի մէջ, ինչպէս որ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները պատրաստ են աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախին: Շնորհակալութիւն վստահութեան համար, պիտի կատարեմ ամէն ինչ, որպէսզի այդ վստահութիւնը արդարացնեմ»:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին հետագայ գործունէութեան առնչուող հարցեր: