Հինգշաբթի, 13 Յունիս 2019-ին, ՀՀ Սուրիոյ Դեսպան Տիգրան Գէորգեան Լաթաքիա իր կատարած այցելութեան ընթացքին խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ Լաթաքիոյ մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին, զոր տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահին մէջ, պրն. Դեսպանը անդրադարձաւ Հայաստանի տնտեսական ու քաղաքական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութեան, որմէ ետք ներկաներուն հետ զրուցեց զանազան հարցերու շուրջ:
Աւարտին, պրն. դեսպանը իր բարի մաղթանքները յայտնեց ներկաներուն եւ Լաթաքիոյ հայութեան: