«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» Կուսակցութեան պատգամաւոր Մուսթաֆա Յեներօղլու անդրադարձած է Սամաթիոյ մէջ յարձակման ենթարկուած հայ ընտանիքին Թուրքիան լքելու որոշումին:
Թուրք պատգամաւորը Twitter-ի վրայ կատարած գրառումով քննադատած է իշխանամէտ լրատուամիջոցները, որոնք չեն լուսաբանած Իսթանպուլի մէջ ապրող հայ ընտանիքին բնակարան ներխուժելու եւ տանտիրուհին դանակահարելու դէպքը: Յայտնենք, որ այդ դէպքին մասին հրապարակումներ կատարած էին միայն «Ակօս» թերթը եւ ընդդիմադիր քանի մը լրատուամիջոցներ:
Գրառման մէջ ի մասնաւորի ըսուած է.
«Նախ սպառնացած են Իսթանպուլի հայ ընտանիքին, որմէ ետք ներխուժած են անոր տունը եւ կնոջ դանակահարած են: Ընտանիքը որոշած է Թուրքիան լքել: Խստօրէն կը դատապարտեմ այս դաժանութիւնը: Ռասիստները, որոնք այս բոլորին հեղինակն են, Թուրքիոյ ամենամեծ թշնամիներն են: Յոյս ունիմ, որ մեղաւորները շուտով կը ձերբակալուին»:
Թուրք պաշտօնեան իր աջակցութիւնը յայտնած է հայ ընտանիքին:
Անոր համաձայն, Եւրոպայի մէջ իսլամներու դէմ ռասիստական յարձակումներուն եւ Թուրքիոյ մէջ կրօնական եւ ազգային պատկանելիութեան անձանց նկատմամբ իրականացուող յարձակումներուն միջեւ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ:
Յիշեցնենք, որ 31 Մայիսին Իսթանպուլի Սամաթիա թաղամասին մէջ անյայտ անձինք ներխուժած էին Արփինէի բնակարանը եւ դանակահարած անոր:Այնուհետեւ դիմած էին փախուստի` գոռալով. «Սա տակաւին սկիզբն է»: Դէպքին առնչութեամբ հետաքննութիւն սկսած էր:
Հետագային հայ ընտանիքը յայտնած էր, որ պիտի լքէ Թուրքիան եւ Հայաստան վերադառնայ: