«Երկիր».-«ՀՀ դրօշի մասին» եւ «ՀՀ զինանշանի մասին» օրէնքները ընդունուած են 15 Յունիս 2006-ին: ՀՀ պետական դրօշի օրը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ նշուած 15 Յունիս 2015-ին:

ՀՀ դրօշը եռագոյնն է` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն: Հայաստանի Սահմանադրութեան համաձայն, եռագոյնի երեք գոյներէն կարմիրը կը խորհրդանշէ Հայկական լեռնաշխարհը, հայ ժողովուրդի պայքարը Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան համար: Կապոյտը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ձգտումը` ապրելու խաղաղ երկինքի տակ, իսկ նարնջագոյնը` հայ ժողովուրդի ստեղծագործ տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը:

Հայաստանի եռագոյնը ընդունուած է 24 Օգոստոս 1990-ին  ՀՀ Գերագոյն Խորհուրդին կողմէն: