«Արցախփրէս».-17 Յունիսին տեղի ունեցաւ «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան նիստը, զոր վարեց Ազգային ժողովի նախագահ, «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
Հերթական նիստին քննարկուեցան բարեկամութեան շրջանակի գործունէութեան ծրագրերուն եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վերջին օրերուն Արցախի հետ Ֆրանսայի որոշ քաղաքներու հետ գործակցութեան հռչակագրերու չեղարկման: Նիստին հրաւիրուած Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ներկայացուց այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: Այնուհետեւ, նիստին մասնակցողները միտքեր փոխանակեցին եւ հանդէս եկան առաջարկներով:
Նիստի աւարտին, «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի անդամները հանդէս եկան հետեւեալ յայտարարութեամբ.
«Ափսոսանք յայտնելով Ֆրանսայի վարչական դատարաններուն կողմէ Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրկ տը Պէաժ, Առնուվիլ քաղաքներու եւ Արցախի Հանրապետութեան համայնքներուն միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագրերու չեղարկման համար։
Ողջունելով նոյն քաղաքներու քաղաքապետներուն յայտարարութիւնները՝ շարունակելու եւ զարգացնելու հաստատուած բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ֆրանսա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակի անդամներուն ֆրանսական կառավարութեան ուղղուած կոչը՝ չտրուելու ատրպէյճանական ճնշումներուն եւ պահպանելու անկողմնակալութիւն, «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակը, բարձրօրէն է կը գնահատէ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին հետ տարբեր մակարդակներու վրայ գործակցութիւնը՝ որպէս մարդասիրական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններու խթանման կարեւորագոյն միջոց: Նաեւ կը հաստատէ, որ Արցախի եւ Ֆրանսայի բնակավայրերուն միջեւ ապակեդրոնացած համագործակցութիւնը լաւագոյնս կ՚արտացոլացնէ ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ բարիդրացիութեան յարաբերութիւնները զարգացնելու յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ազատութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը»:
Ստեփանակերտ

17 Յունիս 2019