Հալէպ քաղաքի մշակոյթի տան մէջ 17 Յունիսին հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ սուրիացի երեխաներուն համար ձեռնարկ մը կազմակերպուած է:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են Հալէպի փոխնահանգապետ Քումիտ Աասին, Հալէպի քաղաքապետ Մաատ ալ մատլաճին, Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ հայկական մարդասիրական խումբի պատասխանատու Արկատի Տօնոյեան, «Մարդասիրական Ականազերծման եւ Փորձագիտական Կեդրոն»ի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլպակեանն ու մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ներկայացուցիչները` ականազերծողներն ու բժիշկները: