8 Մայիս 2018-ին ընդունուեցաւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի փոփոխութիւններու նախագիծը, որով Սփիւռքի Նախարարութիւնը կը լուծարուէր` փոխարէնը վարչապետի աշխատակազմին մէջ կազմաւորուելով Սփիւռքի Հարցերու Յանձնակատարի գրասենեակ: 14 Յունիսին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէն յանձնակատարի պաշտօնին նշանակուեցաւ ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքային խորհուրդի նախկին անդամ եւ քաղաքապետ, քաղաքագէտ, իրաւաբան Զարեհ Սինանեան:

Այս առնչութեամբ «Ա1+»ը զրուցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ:

Մանոյեան անդրադառնալով յանձնակատարի նշանակման հարցին ըսաւ. «Պէտք է ըսեմ, որ բաւականին դժուար պատասխանատուութիւն է` նախ հաշուի առնելով, որ ընդհանրապէս նոր կը ձեւաւորուին գրասենեակն ու գործառոյթները»:
Անկախ անկէ, թէ ով կը նշանակուէր այդ պաշտօնին, ըստ ՀՅԴ գործիչին, սա մեծ պատասխանատուութիւն պահանջող պաշտօն է, որովհետեւ կոչուած է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ բարելաւման:
Քաղաքական գործիչին համաձայն, Սինանեան մշտապէս մասնակցած է Հայ Դատի յանձախումբերու աշխատանքներուն, բայց վերջին շրջանին ձեռնարկած էր որոշ քայլերու, որոնք քիչ մը անհասկնալի կը թուէին.
«Յատկապէս` վիրահայութեան կամ ջաւախահայութեան հարցերու հետ կապուած», ըսաւ ան:
Երբ Մանոյեանի հարց տրուեցաւ, թէ ի՛նչ անհասկնալի քայլերու մասին է խօսքը, ան ըսաւ, որ Սինանեան Վրաստանի մէջ ուղղակի ՀՅԴ ղեկավարներուն դէմ խօսած է:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ մտահոգութիւններ կա՞ն Իրանի եւ Ռուսաստանի հայ համայնքներուն մէջ Սինանեանի ԱՄՆ-ի քաղաքացի ըլլալուն առնչութեամբ, քաղաքական գործիչը ըսաւ, որ պարզապէս քաղաքացիութիւնը պէտք չէ, որ կանխորոշէ. անոր հետագայ գործերը եւ փաստերը ցոյց պիտի տան արդիւնքը:
«Ինքն ալ այդ մասին մտահոգութիւն արտայայտած է, հետեւաբար կրնայ այդ ուղղութեամբ գործուն, դրական աշխատանք տանիլ, յուսանք», ըսաւ Մանոյեան` աւելցնելով, որ եթէ յանձնակատարը Ռուսաստանի քաղաքացի ըլլար, Ամերիկայի հայ համայնքը կրնար մտահոգութիւն յայտնել, սակայն ամէն պարագայի հետագայ իր պահուածքը կարեւոր է:
Իսկ պատաախանելով այն հարցումին, թէ այս նշանակումը ինչպէս կ’ընկալուի ընդհանուր ՀՅԴ կառոյցներուն մէջ, Մանոյեան շեշտեց, թէ այնպէս չէ, որ «Աշխարհի մեր բոլոր կառոյցներով քննարկած ենք Սինանեանի նշանակումը: Նշանակուած է, մէկը պէտք է նշանակուէր, ի վերջոյ: Անակնկալ չէր, որ ինք պէտք է նշանակուի, որովհետեւ արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր խօսակցութիւններ կ’ընթանային այդ մասին»:
Կիրօ Մանոյեան եզրափակելով ըսաւ. «Յոյսով ենք, որ Սինանեան որպէս բարձր յանձնակատար, պետութեան ներկայացուցիչ կ’ըլլայ, ոչ թէ՝ այս կամ այն շրջանակին»: