Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Վահագն Յովակիմեան հրապարակած է Սահմանադրական դատարանի դատաւորի ընտրութեան համար կայացած փակ քուէարկութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, 99 թեր, 22 դէմ քուէներով Սահմանադրական դատարանի դատաւոր ընտրուած է Վահէ Գրիգորեան:

Նախապէս, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թափուր աթոռին համար առաջադրած էր Վահէ Գրիգորեանի թեկնածութիւնը:

Մինչ այդ, խորհրդարանի շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց կատարուած է Վահէ Գրիգորեանի ընտրութեան դէմ: Ցուցարարները ըսած են, որ կը փորձեն ամէն գնով արգիլել այս ընտրութիւնը: Անոնք պնդած են, որ Վահէ Գրիգորեան Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քատրն է, իսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարման տարիներուն Հայաստանի դատական համակարգը անկախ չէ եղած: Բողոքի ցոյցին մասնակիցները նաեւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն ու առանձին պատգամաւորներուն յորդորեցին քուէարկութենէն առաջ դրսեւորել խոհեմութիւն ու քուէարկել Հայաստանի Հանրապետութեան օգտին` չմտնելով ոչ օրինական քաղաքական գործարքներու մէջ եւ չստանձնել այդ պատասխանատուութիւնը: