Երեքշաբթի, 18 Յունիսը օրհնեալ օր մըն էր Լաթաքիոյ հայ համայնքին համար: Հաւատացեալ ժողովուրդը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքը հաւաքուած կը սպասէր թեմի նորընտիր Առաջնորդին՝ գօտեպնդուելու անոր պատգամով, լիցքաւորուելու բարի մաղթանքներով:
Միջօրէի ժամը 1:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ժամանեցին եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի քայլ-արծուիկներուն, արի-արենոյշներուն բարի գալուստի կանչերով եւ հայրենասիրական երգերով, ապա եկեղեցւոյ դպրաց դասուն «Հրաշափառ» շարականով անոնք մուտք գործեցին եկեղեցի:
Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան ողջունեց սրբազան հօր անդրանիկ այցելութիւնը, ուժ եւ կորով մաղթեց անոր եւ Աջը համբուրելով հրաւիրեց զինք արտասանելու իր անդրանիկ պատգամը:
Սրբազան հայրը իր անդրանիկ պատգամով նախ փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենաբարին Աստուծոյ, որովհետեւ Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս անցնող վեց օրերուն ընթացքին նկատած է, թէ սուրիահայ համայնքը Հալէպէն մինչեւ Լաթաքիա, Քեսապ, թէ այլուր, համախմբուած է իր ազգային, եկեղեցական, մշակութային եւ ընկերային կառոյցներուն շուրջ, մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն շուրջ եւ այդ բոլորին շնորհիւ պահպանած է իր ինքնութիւնը, հաւատարիմ մնալով ե՛ւ Սուրիական Հայրենիքին, ե՛ւ Մայր Հայաստանին:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը Սուրիական Հայրենիքը նմանցուց ընտանիքի մը, դիտել տալով, որ այդ ընտանիքը ուժեղ պահողը պետական կառոյցներն են: «Մենք ուրախ ենք, որ կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, որ այսօր առաւել կայուն ու հզօր է շնորհիւ իր նախագահին՝ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին եւ քաջարի բանակին», ըսաւ սրբազան հայրը:
Խօսելով Քրիստոսի պատուիրաններուն հաւատարիմ մնալու մասին, սրբազան հայրը յայտնեց, որ այդ պատուիրաններուն եւ քրիստոնէական արժէքներուն հաւատարիմ մնալով մենք կը վերածուինք մէկ ընտանիքի, մէկ ազգի, մէկ եկեղեցւոյ: Մեր ժողովուրդը Հայաստանի մէջ, թէ Սփիւռքի դարեր շարունակ պահպանած է այդ արժէքները: «Այսօր մենք կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, որ նոյնպիսի արժէքներ կը դաւանի, կը պահպանէ ու կը պայքարի անոնց համար, որպէսզի դէմ դնենք մեր գոյութեան սպառնացող վտանգներուն, մեր դաւանած արժէքներով գոյատեւենք ու ապագային նայինք վառ ապրումներով: Պատերազմի տարիներուն վկայեցինք, որ շէնքեր փուլ կու գան, ապա կը կառուցուին, սակայն ձեր հոգեւոր եւ մարդկային արժէքները կենդանի մնացին ձեր մէջ: Ուստի լիայոյս ըլլանք, վանենք խաւարը եւ յոյսով նայինք ապագային: Սուրիահայութիւնը պատերազմը դիմագրաւեց քաջութեամբ, համբերութեամբ: Ուստի հերոս էք դուք, որովհետեւ յաղթեցիք մահուան եւ համբերութեամբ ու զոհողութեամբ ընտրեցիք յաղթանակի ու կեանքի ճանապարհը»:
Անդրանիկ պատգամի աւարտէն ետք, ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, ապա տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
Այնուհետեւ Սրբազան հայրն ու պատուիրակութեան անդամները «Գանձասար» սրահէն ներս հանդիպում ունեցան Լաթաքիոյ ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Ղընեմիէի, Քեսապի, Եագուպիէի, Արամոյի, Թարթուսի թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ: